Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 23 Նոյեմբեր 2021, Երեքշաբթի առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանը, Նարեկացի Դպրաց Դասու Դպրապետ՝ Բրշ. Արման Սրկ. Մարաշլեանը եւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Հայազատ Կազէրօղլուն։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Այցելուներ քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ յայտնեցին, թէ՝ Գրիգոր Աւ. Քահանայի գրի առած «Պէշիկթաշի Յուշամատեան»ի շնորհանդէսի պատրաստութեան սեմին, փափաքն ունեցած էին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու։ Անոնք, յիշեցուցին թէ՝ մօտաւորապէս վեց ամիս առաջ լոյս տեսած գիրքի շնորհանդէսը համավարակի պատճառաւ ակամայ յապաղած էր եւ պայմանները ներկայիս աւելի թոյլատու ըլլալուն կը ծրագրէին շնորհանդէսը կազմակերպել 11 Դեկտեմբեր, Շաբաթ օր, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Շիրինօղլու Սրահին մէջ։
Զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ տրուեցաւ շնորհանդէսի հետ առընչուած կազմակերպչական հարցերու մասին։ Արդէն իսկ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի առաջնորդութեամբ կազմուած Գիրքի Յանձնախումբը, աշխատութիւնները հասցուցած էին որոշ հասունութեան մը եւ կը մնար Պատրիարք Հօր թելադրանքներուն լոյսին ներքեւ վերջնականապէս ձեւաւորել հանդիսութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին, հիւրեր նաեւ յայտնեցին, թէ՝ գիրքի օրինակները ուղարկուած էին զանազան թեմերու, կարեւոր կեդրոններու, հոգեւորականներու, վարժարաններու եւ թաղային խորհուրդներու։ Առ այդ, փոխան գիրքերու եկեղեցի հասած էին բազմաթիւ գնահատականներ, յատկապէս Թեմակալ Առաջնորդներէ։ Այս մէկը ապացոյցն էր, թէ՝ Տէր Հօր աշխատութիւնը գնահակուած էր, թէ՛ արտասահմանի եւ թէ՛ քաղաքիս մէջ։
Պատրիարք Հայրը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, քանի այսպիսի արժէքաւոր աշխատութիւն մը հանրութեան պիտի ներկայանար։ Մեր Հոգեւոր Պետը, այս առիթով գնահատեց Գրիգոր Աւ. Քահանայի գրական վաստակը եւ յայտնեց, թէ՝ Պէշիկթաշը իր բոլոր երեսակներով այլեւս պատմութեան մէջ իր տեղը գտած էր։ Պատրիարք Հայրը, ի միջի այլոց ըսաւ, թէ՝ ինք պիտի հովանաւորէ այս հանդիսութեան եւ ըստ կարելւոյն Պատրիարքական Աթոռը պիտի օժանդակէ հանդիսութեան կազմակերպութեան։ Այս առիթով, մօտաւոր հանդիսութեան սեմին իր օրհնութիւնը շնորհեց ներկաներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։
Բաց աստի, ուրախացուցիչ երեւոյթ է, թէ՝ «Պէշիկթաշի Յուշամատեան»ը, ձեռամբ Յանձնախումբի Նախագահ Հայր Սուրբին յանձնուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ գիրքը արժանացած է Հայրապետական գնահատանքին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun