İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր հրաւէրով Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորիրաւասութեան ենթակայ Իսթանպուլահայ դպրաց դաս-երգչախումբերու տնօրէն խորհուրդներուատենապետներն ու դպրապետները   23 Նոյեմբեր 2021, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին հաւաքուեցանՊատրիարքարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։

Հաւաքոյթը բացուեցաւ կատարուած հանգստեան կարգով ի հանգիստ հոգւոցն նորոգ վախճանեալՏ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, ինչպէս նաեւ դպրաց դաս-երգչախումբերու նախագահ, դպրապետ, վարիչ, երաժիշտ եւ անդամներու։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ պարզեց հաւաքոյթին նպատակը, որ էր ծանօթանալեկեղեցիներու մէջ կարեւոր դեր ունեցող դպրաց դասերու վարչայիններուն հետ, լսել իրենցգանգատներն ու ցաւերը, ինչպէս նաեւ փափաքները։ 

Անդրադարձաւ, թէ Պատրիարքական Աթոռը համավարակի շրջանին թելադրած էր դադրեցնելժողովներու գումարումը եւ այս պատճառաւ ալ կարելի չէր եղած կանոնական անդամականժողովներ գումարել։ Պատրիարք Հայրը թելադրեց, որ այս տարի անդամական ժողովներըգումարուին եւ ի պահանջել հարկին կատարել դպրապետի եւ տնօրէն խորհուրդի ընտրութիւնները։

Մեր Հոգեւոր Պետը ապա հետաքրքրուեցաւ դպրաց դաս երգչախումբերու տարածաշխատանքներով, յատկապէս համավարակի շրջանին։ Ընդհանուրին գաղափարը գրեթէ կու գարմիանալ հասարակ յայտարարի մը վրայ, ըստ որում համավարակը ժխտական ազդեցութիւնը դուռբացած էր անդամներու թիւին նուազման եւ կամ առթած երկիւղին պատճառաւ պատահածյաճախակի բացակայութիւններու։

Սուրբ Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի Դպրապետ Բրշ. Սեդրաք Սրկ. Տավութհան սրտցաւարտայայտութեամբ հանդէս գալով, ընդգծեց ահազանգային վիճակը, որով եկեղեցեացաւանդական երգեցողութիւններու կատարման համար մօտիկ ապագային պիտի դժուարանայինգիտակից ու վարժ դպիրներ գտնել։ Խնդրեց, որ Պատրիարքական Աթոռը առաջնորդ հանդիսանայայս կարեւոր հարցին լուծման կապակցութեամբ։

Նորին Ամենապատուութիւնը եւս իր կարգին երկրորդեց Սեդրակ Սարկաւագի մտածումները, սակայն յիշեցուց թէ այժմու երէց սերունդի ծառայողները արդիւնքներն են ժամանակին ցանուածհունտերուն։ Անդրադարձաւ, թէ այլեւս ժամանակը եկած է մտածելու նոր սերունդի մօտ նախ եւառաջ եկեղեցասիրութեան, ապա հոգեւոր երաժշտութեան հուտերը ցանելու մասին։ Այսուղութեամբ ծնողներ եւս կարիքն ունէին այս ուղղութեամբ դաստիարակուելու, որպէսզի իրենցզաւակներուն եղած դպրութեան առաջարկները անելի չմատնուէին։ Կարեւորութեամբ ընդգծեց, թէմեր համայնքի հինգ տոկոսը մօտէն կը հետաքրքրուէր եկեղեցական կեանքով եւ այս տոկոսին մասկազմող անձերն ու իրենց զաւակներն են որ ներկայիս պատնէշի վրայ կը գտնուին։ Կարեւոր էր այստոկոսէն դուրս մնացածներու զաւակները եկեղեցական կեանքին ներգրաւել, միշտ ի մտիունենալով օրուան պայմանները, որոնք ըլլալով տիրապետող յաճախ դուռ կը բանան որ եկեղեցինու եկեղեցւոյ հետ առընչուած գործունէութիւնը մնայ լուսանցքի վրայ։ 

Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ երիտասարդներու եւ մանկանց ուղղեալ աշխատանքներուկարեւորութեան, ու թելադրեց, որ դպրաց դաս երգչախումբերու վարչայիններ իրենց անմիջականշրջանակին մէջ դպրութեան եւ ուրարակրութեան պատրաստուելու փափաք ունեցողներըներկայացնեն Պատրիարքական Աթոռին, որպէսզի անոնց պատրաստութեան համար հարկաւորխնամքը ընծայուէր։ Այս ուղութեամբ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քահանան յայտարարեց, թէ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ արդէն իսկ լսարաններ բանալու ձեռնարկուած էր եւայդ ուղղութեամբ ներկաները հրաւիրեց որ Պատրիարք Հօր թելադրութիւնները նկատի առնուին ուպատշաճ դիմումները ներկայացուին։

Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, թէ եթէ դպրաց դաս երգչախումբերու մէջ տիրէ սիրոյմթնոլորտը տղաք այդ զգալով կը փութան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ միատեղուելու իրենցընկերներուն հետ։ Այս առումով թելադրեց, որ հարցը դպրաց դասերու հասարակաց հարցն էր, ուստի սիրոյ մթնոլորտի մէջ դպրաց դաս երգչախումբեր միասնական աշխատանք պէտք էրտանէին, միշտ իրարու նկատմամբ սէր ունենալով։  Ներկաներ Նորին Ամենապատուութեան այսուղութեամբ ըրած թելադրանքին ընդառաջելով, որոշեցին միասնական աշխատանքի միջավայրստեղծել։ 

Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ եւ աղօթքով վերջ գտաւ հաւաքոյթը եւ ներկաներշնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած հայրական մերձեցման համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın