Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 23 Նոյեմբեր 2021, Երեքշաբթի, ժամը 11.30-ին այցելեցԳարակէօզեան Վարժարան։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Ատենապետ՝ ՏիարՏիգրան Կիւլմէզկիլի գլխաւորութեամբ Վարժարանի Խնամակալութեան անդամներուն ինչպէս նաեւվարժարանի Տնօրէնուհի՝ Արուսեակ Քօչ Մօնէի կողմէ։ Այցելութեան ընթացքին Պատրիարք Հօրկ՚ընկերանար Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Նորին Ամենապատուութեան այցելութեան ընթացքին ներկայ էր նաեւ Շիշլիի Քաղաքապետ՝Մուամմէր Քէսքին։ Նորին Ամենապատուութիւնը, Քաղաքապետը եւ խնամակալները վարժարանիսեղանատան մէջ աշակերտութեան հետ ճաշեցին։ Ճաշը սկսաւ աշակերտներու արտասանածաղօթքով։
Ճաշի աւարտին խնամակալութեան սենեակին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Քաղաքապետըսուրճով հիւրասիրուեցան։ Ապա Վարժարանի Տնօրէնին ուղեկցութեամբ միասնաբար մի առ միշրջեցան վարժարանի դասարանները եւ ստացան պատշաճ տեղեկութիւններ։
Վարժարանի դասարանները շրջելէ յետոյ այցելեցին Քէյ Փլազա Կեդրոնի ներքնայարկը, ուր կըգտնուէին երաժշտութեան, նկարչութեան եւ այլ գործունէութեանց աշխատանոցները։ Այցելուներուրախութեամբ տեղեկացան, թէ նոյն վայրին մէջ կը շարունակուէին թատրոնի ու մարզանքիսրահները։ Վարժարանի վարիչները այս առթիւ յայտնեցին, թէ թատրոնի եւ մարզանքի սրահները իպահանջել հարկին պիտի տրամադրուէին համայնքային հաստատութեանց օգտագործման։
Նորին Ամենապատուութիւնը սոյն տեղեկութիւնները ստանալէ յետոյ իր գնահատանքը յայտնեց ուհրաժեշտ առաւ վարժարանէն, օրհնելով տարուած աշխատանքը։
İlk yorum yapan siz olun