Գրիգոր Աւ. Քահանայ
Նոյեմբեր 21։
Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն կը տօնենք Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի Տաճար Ընծայման յիշատակը։ Այս տօնը ունի նաեւ նուիրական կապ մը մեր համայնքային կարեւոր հաստատութիւններէն Գալֆայեան Տան հետ։ Հաստատութիւն մը որուն հիմնադիրն է Նշանի դուստր, Գարթալցի Սրբուհի Մայրապետ Գալֆայեանը։
Որբացած աղջիկները խնամելու սրբազան առաքելութեամբ օժտուած այս նուիրական յարկը, սկսեալ 1866էն, կը շարունակէ իր գոյութիւնը պահել համայնքի բարեսէր տարրերու սրտերուն մէջ։ Այդ սրտերուն շնորհիւ է, որ զանազան դժուարութիւններ, ի մասնաւորի ծնունդ առած տնտեսական պայմաններէ, յաղթահարուած են եւ այս տունը մնացած է իր ծառայութեան պատնէշին վրայ։
Պէտք է յիշել նաեւ այն պատուական հոգեւորականները, որոնքց բարոյական քաջալերութեամբ սկիզբ առաւ այս որբախնամ առաքելութիւնը։ Անոնք էին Խասգիւղի քարոզիչ՝ Ներսէս Եպիսկոպոս Վարժապետեանը (հուսկ՝ Պատրիարք Հայոց), նոյն եկեղեցեւոյ Աւագերէց՝ Գէորգ Աւ. Քահանայ Արծրունին, Կարապետ Վարդապետ Շահնազարեանցը, որ հիւրաբար կը գտնուէր Գէորգ Աւագ Քահանայի տունը, եւ հուսկ՝ Պօղոս Պատրիարք Թաքթաքեանը։
Այս նուիրական յարկին տարեդարձին առթիւ երբ կը յիշատակենք միաբանութեան մայրերն ու քոյրերը, ինչպէս նաեւ հաստատութեան բարերարները, կը յիշենք նաեւ իրենց կոչումին հաւատարիմ հոգեւոր սպասաւորները որոնց բարոյական ներդրումին շնորհիւ ծլաւ այն ծառը, որուն երդիքին տակ բնակեցան բազմաթիւ սաներ։
Աստուած լուսաւորէ բոլորին հոգիները եւ արժանացնէ երկնային անթառամ պսակներուն։
İlk yorum yapan siz olun