İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱԹԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ

Մայր Աթոռի Արտաքին Յարաբերութիւններու եւ Արարողակարգի Բաժնի Տնօրէն Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննէսեանը, որ յանուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հիւրաբար քաղաքս կը գտնուէր, 21 Նոյեմբեր 2021, Կիրակի, առաւօտ արարողութեանց նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ։

Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Երգեցողութիւնը կատարուեցան, առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Աթէշ Կ.Սրկ. Մազմանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Սէրլի Արապօղլուի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Պերճ Սրկ. Երամեան եւ Բրկ. Սեւան Կ.Սրկ. Քըրան։ Ներկայ էին նաեւ Հապիպ Էօզֆըրըիճըյի գլխաւորած թաղային խորհուրդի անդամները եւ հաւատաց թաղեցիներ։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Պատարագիչ Քահանայ Հայրը, ողջունեց Նաթան Սրբազանի ներկայութիւնը եւ յայտնեց, թէ՝ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուէր յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցելու համար յանուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Այս առումով Տէր Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ շնորհակալութիւն յայտնեց որ պատուած էր Եշիլգիւղը ու շեշտեց, թէ՝ Սրբազան Հօր անձին մէջէն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ ի մասնաւորի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնները կը հասնէին թաղի մերազն ժողովուրդին։

Յաջորդաբար խօսք առաւ Նաթան Արքեպիսկոպոս եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ընծայուած առիթին համար։ Թէեւ յուզումնալի առիթով կը գտնուէր Ստանպուլ, սակայն եւ այնպէս լաւ առիթ էր հաւատացեալ ժողովուրդի հետ մեկտեղուիլ Ս. Պատարագի ճամբով։ Ի միջի այլոց, Սրբազան Հայրը, Վեհափառ Հայրապետին հայրապետական ողջոյններն ու օրհնութիւնները փոխանցեց ներկայ ժողովուրդին եւ իրենց մաղթեց խաղաղ ու բերկրալի օրեր։ 

Ապա քարոզեց Տէրունական Աղօթքի մասին եւ աղօթքի կարեւորութիւնը ներկայացուց ու այս առումով յայտնեց, թէ՝ աղօթքները հրաշքներու ճամբայ կրնային բանալ։ Պատմութեան ընթացքին բազում օրինակներ կը գտնուէին, որոնք աղօթքի գերբնական զօրութիւնը զգալի ներկայութիւն կը դարձնէին մարդկային իրականութենէն ներս։ Սրբազան Հայրը, յաջորդաբար արտայայտուեցաւ Քրիստոսի սիրոյ նշանակութեան եւս եւ Աւետարանական օրինակներ ներկայացուց։ Այս առումով, ան յիշեցուց, թէ՝ աղօթքը Քրիստոսի գթասրտութիւնը շարժելու լաւագոյն միջոցն է։ 

Ս. Պատարագի աւարտին, հիւր Սրբազանը, շրջապատուեցաւ ներկաներու կողմէ եւ անոնց հետ կարճ զրոյց մը ունեցաւ, որմէ յետոյ առաջնորդուեցաւ մերձաւոր ճաշարան մը, ուր հիւրասիրուեցաւ թաղային խորհուրդի կողմէ։ Սրբազան Հօր կողքին էին Կորիւն Աւ. Քահանան եւ թաղային խորհուրդի անդամները։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին, Սրբազան Հայրը մեծապէս շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրասիրութեան համար եւ յայտնեց, թէ՝ ինք լաւ տպաւորուած էր Եշիլգիւղի Եկեղեցւոյ արարողութեամբ։ Բաց աստի, շնորհաւորեց Կորիւն Աւ. Քահանայի, ձեռնադրութեան տարեդարձը եւ իրեն մաղթեց կարողութիւն իր ծառայութեան մէջ։ Այս առթիւ իր օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն եւ յաջողութեան մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın