İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵՍՐՈՊ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՖԵՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՅՑ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵՑ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, որ յանուն Մեծի Տանն Կիիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի հիւրաբար քաղաքս կը գտնուէր, 21 Նոյեմբեր 2021, Կիրակի առաւօտ Ս. Պատարագ մատոյց Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։ 

Երգեցողութիւնները կատարուեցան, առաջնորդութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Լուսի Քահվէճիօղլուի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Բրշ. Սեդրաք Սրկ. Տավութհան, Բրշ. Սայաթ Սրկ. Չնարեան, Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ դպիրներ։ Ներկայ էին նաեւ Մանուկ Էօղէրի գլխաւորութեամբ թաղային խորհուրդի անդամները եւ հաւատացեալ թաղեցիներ։ 

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան ողջունեց Մեսրոպ Սրբազանի ներկայութիւնը եւ յայտնեց, թէ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուէր Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան եւ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ քարոզիչ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցելու համար յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Այս առումով Հայր Սուրբը բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ զայն հրաւիրեց օրուան պատգամը տալու։ 

Յաջորդաբար խօսք առաւ Մեսրոպ Եպիսկոպոս եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, որու բարեհաճ կարգադրութեամբ իրեն ընծայուած էր Ս. Պատարագ մատուցանելու առիթը։ Թէեւ յուզումնալի առիթով կը գտնուէր քաղաքս, սակայն եւ այնպէս լաւ առիթ էր հաւատացեալ ժողովուրդի հետ մեկտեղուիլ Ս. Սեղանի շուրջ։ Ապա Սրբազան Հայրը քարոզեց բնաբան ունենալով «… Ձեզի համար չմաշող քսակներ պատաստեցէ՛ք ու անհատնում գանձեր՝ երկինքի մէջ, ուր ո՛չ գողը կը մօտենայ, ո՛չ ալ ցեցը կը փճացնէ» (Ղուկաս ԺԲ.33) նախադասութեամբ։ Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նորոգ հանգուցեալ Թաթուլ Ծ. Վրդ.ի կեանքին ու ծառայութեան եւ յիշեց թէ ինչպէս իր գանձը դիզած էր երկնաւոր արքայութեան մէջ։ 

Ս. Պատարագի աւարտին, ի շարս այլ հանգուցեալ հաւատացեալներու, հանգստեան կարգով յիշատակուեցան Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ու Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի Տնօրէն Խորհուրդի Ատենապետ Ալպէր Կիւլպէնկը՝ իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ 

Յաւարտ արարողութեանց, հիւր Սրբազան Հայրը շրջապատուեցաւ թաղի վարիչներու եւ ներկաներու կողմէ եւ անոնց հետ կարճ զրոյց մը ունեցաւ, ապա առաջնորդուեցաւ Եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահը, ուր հոգեճաշ սարքուեցաւ։ Սրբազան Հօր կողքին էին Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ թաղային խորհուրդի անդամները, Դպրաց Դաս Երգչախումբի վարիչները։ Յանուն Դպրաց Դասու ելոյթ ունեցաւ Դասու Դպրապետ Բրշ. Սեդրաք Սրկ. Տավութհան եւ բարի գալուստ մաղթելէ ետք պարզեց մէկտեղման նպատակը։ Ապա ցուցադրուեցաւ յատկապէս պատրաստուած տեսահոլովակ մը։ 

Ճաշի աւարտին անակնկալ մը ընելով կարկանդակ կտրուեցաւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան առաջին տարեդարձին առթիւ։ 

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրասիրութեան համար եւ յայտնեց, թէ մեծապէս տպաւորուած էր Պոլիսով՝ զանազան այցելութիւններու ընթացքին եւ իր միաբանակից եղբայրներուն նման եղած է դեսպանները պատմական այս քաղաքին ու գաղութին։ Անգամ մը եւս յիշեց հոգելոյս Թաթուլ Ծ. Վրդ.ը, որուն աշխատանքին արդիւնքն էին այսօրուան ներկայներուն եւ երիտասարդներուն, դպիրներուն մեծ մասը։ Ան, ձեռնադրութեան տարեդարձին առթիւ շնորհաւորեց Յովակիմ Հայր Սուրբը եւ իրեն մաղթեց կարողութիւն ու յարատեւ յաջողութիւն իր ծառայութեան մէջ, իր օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն եւ յաջողութեան մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın