İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԵՀԵՄ-Ի ԱՏԵՆԱՊԵՏԱՑ ԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԵՌԱԿԱՅ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորում (ՀԵՀԵՄ)ի գործունեութիւնը, յետ համավարակեան շրջանին վերաշխուժանալ սկսած է։ Այս շրջագիծով, ՀԵՀԵՄ-ի Ատենապետաց Ժողովը հեռակայ դրութեամբ տեղի ունեցաւ, 20 Նոյեմբեր 2021, Շաբաթ երեկոյեան։ 

Ատենապետաց աշխատաժողովի յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս մասնակցեցաւ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանը։ Ժողովի նախագահեց եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ եւ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանը։ Սրբազան Հայրը, ի մասնաւորի, յանուն ներկաներու, իր որդիական երախտիքի յայտնեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ ՀԵՀԵՄ-ի հանդէպ ցուցաբերած մշտական հոգածութեան համար։ Իսկ ժողովը վարեց ՀԵՀԵՄ-ի հոգևոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատուրեան։ Հայր Սուրբը, անդրադարձաւ 2022ին կայանալիք ժողովներուն եւ ընթացիկ կազմակերպչական հարցերուն:

Մասնակիցներու շարքին էին Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանդեան եւ Ռումինիայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեան։

Իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ առիթն ունեցաւ իր Թեմական կառոյցին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու։ Այս շրջագիծով, որպէս նուիրապետական աթոռի ներկայացուցիչ, Զաքէոս Ծ. Վրդ. եւս հակիրճ զեկուցում մը ունեցաւ։ Նախ եւ առաջ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնները փոխանցեց եւ յաջորդաբար հակիրճ ձեւով ինքզինք ծանօթացուց եւ յայտնեց, թէ՝ ինք կը մասնակցի, որպէս Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ ներկայացուցիչը։ 

Օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն էր 6-10 Յուլիս 2022 ին կայանալիք ՀԵՀԵՄ համահայկական ուխտագնացութեան մանրամասնութիւնները։ Բաց աստի, Ժողովի մասնակից երիտասարդներն առաջարկեցին 2022ին համահայկական երեք ուխտագնացութիւն կազմակերպել, որոնցմէ առաջինը դէպի Ս. Երուսաղէմ, երկրորդը Միւռոնօրհնութեան արարողութիւն իսկ երրորդը Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաբացման կապակցութեամբ։ Առաջարկուեցաւ առցանց դասախօսութիւններ կազմակերպել։ Բաց աստի, Ապրիլ 2022ի սկիզբը, Գահիրէի մէջ պիտի կատարուի հանդիպում մը կազմակերպութեամբ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın