İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԿԻՐԱԿՆԱՄՈՒՏՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կիրակամուտքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 20 Նոյեմբեր 2021, Շաբաթ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր։ Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննէսեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւորականաց դասու անդամները, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի սարկաւագներն ու դպիրները, ինչպէս նաեւ վարչայիններ ու հայր սուրբի հարազատները։ 

Ժամը 16.00-ին սկսած երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, կատարուեցաւ Կիրակնամուտքի արարողութիւն եւ հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցաւ վախճանեալ Թաթուլ Ծ. Վարդապետը։

Արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը քարոզեց. «Փառք քեզ Աստուած, փառք քեզ, յաղաքս ամենայնի Տէր փառք քեզ» բնաբանով։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետի վարքին եւ յիշեցուց, թէ՝ ան Պատրիարքութեան հրաւիրուած ըլլալով հանդերձ, օրուան թագուհիին վարքը քննադատելուն եւ զինքը ուղիղ ճամբայ հրաւիրելուն պատճառաւ աքսորուած էր։ 

Աքսորի ճանապարհին պարտադրուած էր որ իրեն ուղեկից զինուորներ ձիով ճամբորդեն, իսկ ինք՝ հետիոտն։ Հայրապետը նոյնիսկ աքսորի դժուարութեան մէջ տեւաբար կ՚արտասանէր այս աղօթքի տողերը ըսելով. «Փառք քեզ Աստուած, փառք քեզ, յաղաքս ամենայնի Տէր փառք քեզ»։

Պատրիարք Հայրը յաջորդաբար անդրադարձաւ Հայր Սուրբի կեանքին եւ առանձնացուց վերջին երկու տարիները, որոնք դարձած էին տառապալից շրջան մը։ Հայր Սուրբը ըմբռնած ըլլալով հայրապետի բառերուն իմաստը, ինք եւս Աստուծոյ փառքը երգած էր եւ փառք տուած՝ իրեն տուած բոլոր շնորհքներուն համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը, յաջորդաբար անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռէ ներս իր կատարած օգտաշատ գործին եւ ծառայելու պատրաստակամութեան։ Կերպով մը ինքը գիտնալով հանդերձ որ կը մօտենար վախճանման փուլին, միշտ ի մտի ունեցած էր Քրիստոսի խաչելութիւնը, թաղումը եւ յարութիւն առնելը։ Այս հաւատքով ան կնքած էր իր հոգին։ 

Պատրիարք Հայրը իր խօսքերու աւարտին, յանուն ներկայ հոգեւորականներուն, ցաւակցութիւն յայտնեց Հայր Սուրբի ընտանիքին եւ հարազատներուն։ Միաբերան արտասանուած Տէրունական Աղօթքով վերջ գտաւ կիրակնամուտքը։

Արարողութեան աւարտին Շիրինօղլու Սրահին մէջ, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ եւ Ֆէրիգիւղի Ընտանիքի կազմակերպութեամբ սարքուեցաւ հոգեճաշի սեղան, որուն մասնակցեցան հոգեւորականներ, Ֆէրիգիւղի Ընտանիքէ անդամներ եւ հայր սուրբի հարազատները։ Սեղանը սկիզբ առաւ Հայրսուրբի հոգւոյն ի հանգիստ արտասանուած հանգստեան աղօթքով։

Սեղանի վրայ Դպրաց Դասու Դպրապետ Բրշ.Սեդրակ Սրկ. Տավութհան խօսք առաւ եւ անդրադարձաւ Հայր Սուրբի ֆէրիգիւղի քարոզչական պաշտօնին եւ յիշեց, թէ՝ ծառայութեան ընթացքին ան սիրած էր ժողովուրդը։ Աւելի քան 15 տարիներու ծառայութիւնը պսակուած էր բարի յիշատակներով եւ ան Ֆէրիգիւղէ ներս վերածուած էր յիշատակելի հոգեւորականներէն միոյն։ 

Իսկ սեղանի աւարտին, Պատրիարք Հայրը հուսկ բանք կատարեց։ Մեր Հոգեւոր Պետը, յայտնեց, թէ՝ ինչու համար այս արարողութիւնը կատարուած էր ֆէրիգիւղի Եկեղեցւոյ մէջ։ Վախճանեալ հայր սուրբը, նոյնացած էր Ֆէրիգիւղի հետ եւ այս պատճառաւ Պատրիարք Հայրը փափաք յայտնած էր որ Ֆէրգիւղի մէջ կատարուէր կիրակնամուտքը։ Իսկ, Ֆէրիգիւղի  ընդառաջելով այս փափաքին, նաեւ սարքած էր հոգեճաշ մը Հայր Սուրբի յիշատակին համար։ Իր խօսքերու աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը, անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեց ներկաներուն, ընդհանրապէս ֆէրիգիւղի Ընտանիքին մաղթելով որ Ս. Հոգին մխիթարէ բոլորը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın