Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Սրբազան Պատրիարք Հայրը 19 Նոյեմբեր 2021, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին ընդունեց Անտիոքի Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ եւ Գաւառի Համայնքներու Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քահանայ Թապաշեանը։ Տէր Հօր կ՚ընկերանար Եուսուֆ Թապաշ, որ Քըրըքխանի Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամակցութեան համար Վաքըֆներու Տնօրէնութեան ներկայացուած երեք անձերէն մին է։ Իրենց կողքին ներկայ էին նաեւ Վաքըֆգիւղցի Թադէոս Պապէք եւ Իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ, որոնք ծանօթ էին Անտիոքի մեր համայնքային կարգ մը հարցերուն։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Արժ. Տ. Աւետիս Քահանայ Հայրը ի դիմաց իր ժողովուրդին անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեց Սրբազան Պատրիարք Հօր Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման առթիւ։
Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութեամբ տեղեկացաւ Տէր Հօր տարած գործունէութեանց, այս նահանգի եկեղեցեաց ժողովուրդին հոգեւոր շինութեան համար։
Բաց աստի Նորին Ամենապատուութիւնը Տէր Հօր կողքին ներկայացող անձերէն տեղեկացաւ Քըրըքխանի Եկեղեցւոյ հետ առընչուած կալուածական հարցերու մասին եւ թելադրեց, որ ծխական խորհուրդի պաշտօնապէս կազմութենէն յետոյ ձեռնարկուի առկայ հարցերու լուծման գործունէութեան։ Նաեւ նկատելով որ քաղաքիս մէջ կը գործէր Վաքըֆգիւղ Հայրենակցական Միութիւն մը, Պատրիարք Հայրը թելադրեց, որ այս միութեան երդիքին ներքեւ կազմուի յանձնախումբ մը, որպէս օժանդակ գիւղի ծխական խորհուրդի։ Նորին Ամենապատուութեան թելադրութիւնները ընկալուեցան գոհունակութեամբ եւ կեանքի կոչելու տրամադրութեամբ ու խոստումով։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun