İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՆՈՒՇԵԱՆԻ

Պատրիարքական Աթոռոյս Դիւանապետ, Լուսարարապետ եւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 18 Նոյեմբեր 2021, Հինգշաբթի, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր։ Արարողութեանց իրենց ներկայութիւնը բերին Մայր Աթոռի Արտաքին Յարաբերութիւններու եւ Արարողակարգի Բաժնի Տնօրէն Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննէսեանը, որ կը ներկայացնէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, որ կը ներկայացնէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը։

Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Պատրիարքական Աթոռոյս միաբանութիւնն ու հոգեւորականաց դասու, սարկաւագաց եւ դպրաց դասու անդամներու։ Այս մէկը առիթ եղաւ, որ Աթոռոյս եկեղեցականութիւնը իր լրիւ կազմով յարգանքի տուրք մատուցանէ հանգուցեալ վարդապետին։

Ներկայ էին Պետական Աւագաննէ ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին էին Ներքին Գործոց Նախարարի Օգնական Մուտթէրէմ Ինճէն, Նահանգներու Վարչութեան Ընհանուր Տնօրէնութեան վարչայիններէն Մէհմէտ Եիւզէրը, Ստանպուլի Կուսակալ Ալի Երլիքայան, ինչպէս նաեւ շրջանային քաղաքապետութիւններէ ներկայացուցիչներ։

Քաղաքիս քոյր եկեղեցիները յարգելով Հայ Եկեղեցւոյ հանրածանօթ հոգեւորականի վաստակը իրենց ներկայացուցիչներով մասնակցեցան արարողութեան. Յունաց Ն.Ս. Տ. Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ Տ. Աթէնակորաս Մետրոպոլիտը, Տ. Տիմիթրի Քահանան եւ Բաիսիոս Սարկաւագը, Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդի ներկայացուցիչ՝ Տ. Միքայէլ Քահանան, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւորի ներկայացուցիչ՝ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան,Գերպ. Տ. Աբրահամ Ծ.Վրդ. Ֆրաթեան, Մխիթարեան Հայրեար՝ Գերպ. Տ. Տ. Սարգիս եւ Յակոբոս Ծ. Վարդապետները,  Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը, Քաղդէացի Կաթոլիկ Համայնքէն՝ Հ. Րէմզի Վրդ. Տիրիլ, Թուրքիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Միութեան ներկայացուցիչներ՝ Ալի Քալքանտէլէն եւ Վահան Իսաօղլու։ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիէն՝ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։   

Յանուն քաղաքիս Հրեայ համայնքին, արարողութեանց իր ներկայութիւնը բերաւ, Խախամապետարանի Դիւանապետ Եուսուֆ Ալթընթաշ։ Գլխաւորութեամբ համայքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, մեր հաւատացեալ ժողովուրդը փութացած էր իր վերջին յարգանքի տուրքը մատուցանել, հանդէպ՝ Պատրիարքական Աթոռոյս վարչական կեանքէ ներս յիշատակ թողած հոգեւորականին։

Բացի քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներէն եւ միջկրօնական դէմքերէ, ներկայ էին նաեւ  դիւանագիտական դէմքեր, Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յարգարժան Տիար Սահակ Սարգիսեանն ու Նաղարշ Յակոբեանը, ինչպէս նաեւ համայնքային վարչութիւններէ ներկայացուցիչներ եւ Հայր Սուրբի ընտանեկան պարագաները։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, առընթերակայ ունենալով Արժ. Տ. Տ. Զաքար եւ Զօհրապ Քահանայ հայրերը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Աթոռոյս սարկաւագաց դասու անդամները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Լուսի Քահվէճիօղլուի։

Յընթացս Ս. Պատարագին հանգուցեալ Հայր Սուրբին դագաղը հոգեւորականներու կողմէ ատեանէն բերուեցաւ Ս. Խորան, ուր տեղի ունեցաւ Վերջին Օծման Կարգը, ձեռամբ՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։ Ապա կարգաւ ընթերցուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Ս. Երուսաղիմայ Հայոց Նուրհան Ա. Պատրիարքին ցաւակցական պատգամները, որոնցմէ յետոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան յանուն Պատրիարք Սրբազան Հօր շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգելոյս Հայր Սուրբի վախճանման առթիւ ցաւակցագրեր ուղարկած եւ կամ անձամբ յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուած Պետական Աւագանիին, Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն ու ներկայացուցչիներուն եւ Քոյր եկեղեցիներու անդամներուն։

Յաջորդաբար Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը դամբանախօսեց «Բաց մեզ Տէր, բաց մեզ Տէր, բաց մեզ Տէր, զդուռն ողորմութեան, որ ողբալով կարդամք առ քեզ» բնաբանով։

Պատրիարք Հայրը, Աւագ Շաբթուան սեմին Դռնբացէքի արարողութեան ընթացքին արտասանուած այս տողերը յիշատակելով, ներկայացուց դռնբացէքի դրուագը։ Յաջորդաբար յայտնեց, թէ՝ մահը այս դրուագին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէր, քանի խորհրդանշօրէն արքայութեան դրան արջեւ կ՚աղաչէ հանգուցեալը, ներսէն կը պատասխանեն հրեշտակները։ Դրան առջեւը կը ներկայացնէ խաւար աշխարհը իսկ ներսը՝ լուսաշող արքայարանը։ Պատրիարք Հայրը, յայտնեց, թէ՝ Քրիստոնէական լոյս հաւատքի սզկբունքները կը դառնան այս դրան բանալին եւ հանգուցեալ անձ մը վայելել կը սկսի իր իսկ հաւատացած Տիրոջը ներկայութիւնն ու զօրութիւնը։ Այս շրջագծով, յայտնեց, թէ՝ Հայր Սուրբը ամբողջացնելով իր երկրաւոր առաքելութիւնը հասած էր դէպի երկինք փոխադրման հանգրուանին։ Ան, իր հաւատքի սկզբունքներով շատ ատեն ցուցաբերած էր կեանքի հաւատքը եւ ի վերջոյ պիտի արժանանար իր իսկ քարոզած Տիրոջ։

Պատրիարք Հայրը այս գիծով դրուատեց վախճանեալ Հայր Սուրբի կեանքը սկսեալ իր ընտանիքէն։ Ան ծնած ըլլալով հաւատացեալ ընտանիքի մէջ փոքր տարիքէն արդէն վարժուած էր Աստուծոյ եւ եկեղեցիին։ Հասակ նետելէ յետոյ եկեղեցական դառնալու կոչումը ի զուր չէր յայնուած իր մէջ։ Այս պաշտօնին հասնելու համար բաւականին աշխատած եւ եկեղեցական դառնալէ յետոյ ջանացած էր եկեղեցւոյ մէջ աշխատիլ ամենայն կարգապահութեամբ ու ջանասիրութեամբ։ Իր ստանձնած դիւանապետի պաշտօնով եւ հաղորդականութեամբ շատ մը շփումներ ունենելու յաջողութիւնը ձեռք բերած էր յօգուտ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին։ Իր վախճանումով Պոլսահայ Եկեղեցին իրապէս կը կորսնցէր իր կարեւոր սպասաւորներէն մին։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, թէ՝ շատ մը եպիսկոպոսներուն նոյնիսկ չվիճակուած փառքով կը յուղարկաւորուէր Հայր Սուրբը։  Այս առումով, ան աղօթեց, որպէսզի նոր կոչումներ ծնունդ առնեն Հայ Եկեղեցիէն եւ ի մասնաւորի Պատրիարքական Աթոռէ ներս, որպէսզի Հայր Սուրբի գործունէութիւնը շարունակական մնայ ժողովուրդին մէջ։

Վերջին Օծման կարգէն յետոյ, Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ եւ հոգեւորականներ երկիւղածութեամբ համբուրեցին հոգելոյս Հայր Սուրբին օծեալ ճակատն ու աջը։ Ապա դագաղը բերուեցաւ ատեան, ուր Հայր Սուրբի դագաղին շուրջ արտասանուեցան աղօթքներ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի ելքի թափօրին նախագահեց՝ Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպիսկոպոսը։ Վախճանեալ Սրբազան Հօր դագաղը կ՚ընթանար յամրաքայլ, շարականներու երգեցողութեամբ, Ս. Աւետարանի ընթերցմամբ, սաղմոսներով եւ աղօթքներով։ Հաւատացեալ ժողովուրդը տամկացած աչքերով կը հետեւէր արարողութեան, աղօթակցելով եկեղեցական հայրերուն։

Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մէջ, որուն նախագահեց Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոսը։ Պատրիարքական Աթոռոյս միաբանութեան վաստակաշատ հոգեւորականին մարմինը ամփոփուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın