İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. Երուսաղիմայ Հայոց Նուրհան Ա. Պատրիարքի ցաւակցական նամակը

Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան կ՚ընթերցէ Ս. Երուսաղիմայ Հայոց Նուրհան Ա. Պատրիարքի ցաւակցական նամակը

Ամենապատիւ

Տ. Սահակ Արք. Մաշալեան

Բարեխնամ Պատրիարք Կ. Պոլսոյ

Ստանպուլ, Թուրքիա

Սիրելի Պատրիարք եղբայր, 

Ցաւօք սրտի իմացանք կանխահաս վախճանման գոյժը ձեր միաբանութեան անդամներէն Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, որ երկար հիւանդութեամբ տառապեցաւ։

Այս առիթով յանուն Երուսաղէմի մեր Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անդամներուն կը յայտնենք մեր խորին ցաւակցութինը ձեզի, ձեր միաբանութեան անդամներուն եւ հանգուցեալի ընտանիքի անդամներուն։

Կ՚աղօթենք առ Աստուած «զի յիշեսցէ զհոգի նորոգ հանգուցեալ ծառային իւրոյ» եւ պարգեւէ Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւն ձեր հոգեւոր դասին։

Աղօթակից՝

Նուրհան Արք. Մանուկեան

Պատրիարք Հայ Երուսաղէմի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın