İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ցաւակցական նամակը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը կ՚ընթերցէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ցաւակցական նամակը

Նորին Ամենապատուութիւն

Տ. Սահակ Արք. Մաշալեան

Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ

Իսթանպուլ

Սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս,

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձերդ Ամենապատուութիւնը։

Խոր ցաւով իմացանք Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վաղաժամ վախճանման գոյժը։ Վշտաբեկ սրտով, Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, հանգուցեալի հոգեւոր եղբայներուն ու ընտանեկան պարագաներուն։

Արդարեւ, հանգուցեալ Հայր Թաթուլը անձնապէս Մեզի, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան համար լոկ հայ եկեղեցւոյ ծառայող միաբան մը չէր, այլ Մեր Սուրբ Աթոռին նկատմամբ սերտ կապուածութիւն ունեցող սիրելի հոգեւորական մը։ Ան երեք տարիներ շարունակ ուսենեցաւ Դպրեվանքի Ընծայարանի Բաժինէն ներս, եւ ծառայեց Դպրեվանքին, որպէս դասատու։ Դպրեվանքի մէջ իր կեցութեան տարիներուն, ան յարգալից ու սիրալիր վերաբերում ցուցաբերեց բոլորին նկատմամբ անխտիր։ Հայր Թաթուլ եղաւ ու միշտ մնաց կոչումի գիտացութիւն ունեցող եւ մեր եկեղեցւոյ արժէքներուն ու աւանդութիւններուն ջերմօրէն հաւատացող հոգեւոր մշակ մը։ Իր վախճանումով, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կը կորսնցնէ երիտասարդ ու նուիրեալ հոգեւորական մը, որ անկասկած կրնար մեծ ներդրում ունենալ ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս Պատրիարքութեան կեանքէն ներս։

Մեր աղօթքն է առ Բարձրեալն Աստուած, որ երկնային երանական խաղաղութեան մէջ ընդունի հանգուցեալ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի հոգին, եւ յաւիտենական կեանքի արժանի դարձնէ զայն։ Թող Ամենաբարին Աստուած Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ մխիթարէ Ձերդ Ամենապատուութիւնը, Պատրիարքական հոգեւոր դասը, հանգուցեալի հարազատները եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։

Վշտակցութեամբ եւ եղբայրական սիրով՝

Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın