Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննէսեանը կ՚ընթերցէ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցական նամակը
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ
Տ. ՍԱՀԱԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ
Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Ստանպուլ, Թուրքիա
Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան,
Կորուստի ծանր զգացումով ու խոր վշտով կը սգանք մեր Եկեղեցւոյ նուիրեալ հոգեւորականի՝ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միաբանութեան անդամ հոգեշնորհ Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեանի անժամանակ վախճանումը։ Բոլորիս համար դժուարին այս պահուն առ Բարձրեալն Աստուած աղօթքները թող ուղեկից ըլլան լուսահոգի հայր սուրբին դէպի երկնային՝ յաւիտենական կեանքի ճանապարհին։
Հոգելոյս Թաթուլ ծայրագոյն վարդապետը Կոստանդնուպոլսոյ Սուրբ Աթոռոյ արժանաւոր միաբաններէն էր, զոր երկար տարիներ ամենայն նախանձախնդրութեամբ եւ ժրաջանութեամբ իրականացուց տիրաւանդ իր առաքելութիւնը ի փառս Աստուծոյ եւ ի բարօրութիւն բարեպաշտ մեր ժողովուրդին։ Ան իր հոգւոյն մէջ սրբօրէն կրեց հաւատը, յոյսն ու սէրը առ Բարին Աստուած, որդիական անկեղծ զգացումներով սիրեց մեր Սուրբ Եկեղեցին, ազգային ու հոգեւոր մեր սրբազան ժառանգութիւնը։
Լուսահոգի հայր սուրբը պատանեկան հասակէն դպրական ու սարկաւագական աստիճաններով սպասաւորեց Պոլսոյ հայոց եկեղեցիներուն մէջ, իր ժամանակն ու կարողութիւնները ծառայեցուց ծիսական արարողութիւններու պատշաճ ու վայելուչ կատարմանը համար։ Արժանանալով կուսակրօն եկեղեցականի բարձր շնորհքին՝ ան տարիներ շարունակ հովուական արդիւնաւոր սպասաւորութիւն մատուցեց պոլսահայ հաւատաւոր մեր ժողովուրդին։ Հոգելոյս հայր սուրբը յաջողութեամբ վարեց նաեւ Պատրիարքութեան դիւանապետի եւ լուսարարապետի պաշտօնները, ապա ծառայական վաստակի բարձր գնահատանքով ընտրուեցաւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետի պատասխանատու պաշտօնին՝ իր անձն ու կարողութիւնները ի սպաս բերելով Պատրիարքութեան յաւէտ շինութեանն ու պայծառութեանը։
Մենք առիթ ունեցած ենք հոգելոյս հայր սուրբը հիւրընկալելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ ականատես դառնալով անոր եկեղեցասիրութեանն ու ազգասիրութեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ որդիական ջերմ զգացումներուն։
Կորուստի դժուարին այս պահու յանուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան՝ կը բերենք Ձեզ, Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան, Կ.Պոլսի Հայոց Պատրիարքութեան ուխտապահ միաբանութեանը եւ լուսահոգի հայր սուրբի հարազատներուն Մեր վշտակցութիւնն ու սրտակցութիւնը։
Կ՚աղօթենք Արարիչ եւ Մարդասէր մեր Փրկչին, որպէսզի երկնից արքայութեան երանաւէտ շնորհքին արժանացնէ հաւատարիմ ու վաստակեալ Իր սպասաւորին՝ հոգելոյս Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեանին, ըստ տէրունապատուէր խոստումին. «Ուր եսն եմ, անդ եւ պաշտօնեայն իմ եղիցի» (Յովհ. ԺԲ.26)։
Թող Տէրը Սուրբ Հոգիի մխիթարութեամբ սփոփէ լուսահոգի հայր սուրբի հարազատները եւ պոլսահայ հաւատաւոր Մեր զաւակներուն սգակիր սրտերը։
«Յիշեսցէ Տէր զհոգի ծառային իւրոյ եւ յանգուսցէ զնա ի լոյս երեսաց աստուածութեան իւրոյ». Ամէն։
Ի Քրիստոոս սիրոյ ողջունիւ, վշտակիր սրտով՝
ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ
İlk yorum yapan siz olun