İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Նոյեմբեր 2021, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ու Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ երէց՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի եւ Ատենապետ՝ Յարութիւն Էպէօղլուի։

Այցելուներ յայտնեցին, որ 28 Նոյեմբեր 2021, Կիրակի պիտի կատարուի իրենց աւանդական մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին սատարողներ։Այցելուները, սոյն հանդիսութեանց նախագահելու համար հրաւիրեցին Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւն տուին նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի հետ առընչուած հարցերու մասին։ Այս առիթով, տեղեկութիւններ տուին համավարակի շրջանին դաստիարակութեան միջոցներուն եւ վարժարանի գործունէութեան մասին։ Զրոյցի ընթացքին, անոնք Թաթուլ Ծ. Վրդ.ի վախճանման առթիւ Պատրիարք Հօր ցաւակցութիւն յայտնեցին, նկատի ունենալով որ վախճանեալ Հայր Սուրբը անցեալին  հովուուական պաշտօն վարած էր նաեւ Ղալաթիոյ մէջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց թէ ցուցաբերուած զգայնութեան եւ թէ տրուած տեղեկութեանց համար։ Պատրիարք Հայրը յոյս յայտնեց որ, այս դժուարին օրերուն առաւել եւս վճռակամութեամբ պիտի յաջողէին վարժարանը հաստատ պահելու։ Նորին Ամենապատուութիւնը, այս առիթով գնահատեց վարչայիններու աննկուն կամքը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց, իրենց գործունէութեանց մէջ։ 

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın