Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի Նախագահ՝ Մեծայարգ Մուսթաֆա Շէնթօփ 15 Նոյեմբեր 2021, Երկուշաբթի երեկոյ հեռաձայնային տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ եւ ցաւակցութիւնները յայտնեց Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման առթիւ, թէ Պատրիարքական Աթոռին եւ թէ համայնքի անդամներուն։
Նոյն ժամերուն, Արդարութեան Նախարար Մեծայարգ Ապտիւլհամիտ Կիւլ եւս հեռախօսային տեսակցութեամբ ցաւակցութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան,
հոգեւորականներուն, համայնքին եւ ի մասնաւորի վախճանեալ Հայր Սուրբի ընտանեկան պարագաներուն
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հետաքրքրութեան եւ զգայնութեան համար։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun