Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը 16 Նոյեմբեր 2021, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին ընդունեց խումբ մը Եշիլգիւղցի ծնողներն ու իրենց զաւակները։ Այս տղաքը, իրենց ընկերներուն հետ համավարակի շրջանին հետեւած էին Արժ.Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի հեռակայ դրութեամբ աւանդած դասերուն։ Ընդունելութեան ներկայ էին, Արժ. Տ. Տ. Տրդատ Աւագ, Շիրվան եւ Նաթան Քահանայ հայրերը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունելով ներկաները, մանաւանդ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ տղաքը իրենց ծնողներուն հետ եկած էին Պատրիարքարան, ծանօթանալու իրենց Հոգեւոր Պետը։ Բաց աստի, համավարակի դժուարին շրջանին կրօնագիտութեան աշխատութիւններու յատկապէս հետեւող մանուկներ տեսնելը ուրախացուցիչ երեւոյթ էր։
Ընդունելութեան մասնակից ծնողներ շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ Պատրիարքական Աթոռը պատշաճը տնօրինած էր, որ նման դասաւանդութիւն կատարուէր ու փափաք յայտնեցին որ այս շարունակուէր։
Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը իր կարելին ի գործ պիտի դնէր այս ուղղութեամբ։
Իբրեւ յիշատակ այս այցելութեան Նորին Ամենապատուութիւնը ներկաներուն նուիրեց Սուրբ Գիրքեր, Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի Յուշամատեանէն, ինչպէս նաեւ իր իսկ գրի առած «Երկու Ուխտաւորներ» գիրքէն օրինակներ։
Ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած հայրական վերաբերմունքին եւ ընդունելութեան համար։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun