Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը 16 Նոյեմբեր 2021, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին ընդունեց Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան անդամները։ Խումբը կը գլխաւորէր Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։
Հիւրերը նախ եւ առաջ ցաւակցութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման առթիւ։ Ապա տեղեկութիւններ փոխանցեցին վարժարանի եւ իրենց գործունէութեանց մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին 23 Նոյեմբեր 2021, Երեքշաբթի, վարժարանին մէջ կայանալի ընդունելութեան, որուն պիտի մասնակցէր նաեւ Շիշլիի Քաղաքապետ՝ Մուամմէր Քէսքին։
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց թէ ցուցաբերուած զգայնութեան եւ թէ տրուած տեղեկութեանց համար ու խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun