İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԱՆ ԿԱՐԳԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ Ի ՀԱՆԳԻՍՏ ՀՈԳՒՈՅՆ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի մարմինը 15 Նոյեմբեր 2021, Երկուշաբթի, յետ միջօրէի Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի։ Իր հոգւոյն ի հանգիստ առաջին հանգստեան կարգը կատարուած էր Կիրակի գիշեր վախճանումէն անմիջապէս յետոյ, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի սենեակին մէջ, մասնակցութեամբ Արժ. Տ. Տ. Զաքար եւ Շահէն Քահանայ Հայրերու։ Հանգստեան կարգին ներկայ գտնուած էին Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձուներէն՝ Բրշ. Գէորգ Սրկ. Ներկիզեան, Ս. Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճան, խնիամակալութենէն Մինաս Քորթուն, Բժշկապետ՝ Մաքսուտ Ահպապ եւ վախճանեալին երկու եղբայրները՝ Առէն եւ Արաս Անուշեան։

Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ ատեանը տեղադրուած դագաղին շուրջ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի նախագահութեամբ կատարուեցաւ տան կարգի արարողութիւն։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Արժ. Տ.Տ. Գրիգոր եւ Տրդատ Աւագ քահանաներ, Շիրվան Քահանան, Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեան, ժառանգաւոր սաներ, Պատրիարքարանի անձնակազմը, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներ, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։

Վախճանեալ Հայր Սուրբի օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը տեղի պիտի ունենայ 18 Նոյեմբեր 2021, Հինգշաբթի, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հօր։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın