Ներքին Գործոց Նախարար՝ Մեծայարգ Սիւլէյման Սօյլու Երկուշաբթի օր միջօրէին հեռաձայնային տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ եւ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման առթիւ։
Մեծայարգ Նախարարը, յայտնած է, թէ արտասահման կը գտնուէր եւ այս պատճառաւ հաւկառակ իր փափաքին պիտի չկարենար մասնակցիլ յուղարկաւորութեան արարողութեան։ Սակայն պիտի տնօրինէր որ յանուն
նախարարութեան ներկայացուցիչ մը ուղարկուէր յուղարկաւորութեան արարողութեան։
Նորին Ամենապատոնւութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծայարգ Նախարարին եւ ըրաւ բարեմաղթութիւններ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun