İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ՄԸ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ՅԻՇԵԼՈՎ ԹԱԹՈՒԼ ՀԱՅՐ ՍՈՒՐԲԸ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասու տարեդարձի սիրոյ սեղանն էր։ Կը նախագահէր Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը իր կողքին ունենալով երիտասարդ աբեղայ մը՝ յանձին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Թաթուլ Աբեղային։ Տնօրէն Խորհուրդի Ատենապետը՝ Խաչիկ Ճանէլ ըստ ընկալեալ սովորութեան կը կարդար տեղեկագիրը եւ իր խօսքը կ՚աւարտէր ըսելով. «Յաջորդ տարի 150-ամեակի առթիւ մէկտեղուելու յոյսով»։

Այս աւետաբեր վերջաբանը իր հետ բերած էր Պատրիարքական տնօրինութիւն մը, որ քաղցր հրամայակնով կը թելադրէր «գրքոյկ մը պատրաստել եւ այդ գործին համար յանձնախումբ մը կազմել, որպէսզի գրաւոր պատմութիւն մը ունենար» իրեն համար այնքան սիրելի Ներսէսեան Դպրաց Դասը։

Թաթուլ Աբեղան առ ոչինչ համարելով յետագային գոյանալի հաւանական  դժուարութիւնները, մանաւանդ յանձնախումբի կազմութեան նկատմամբ գոյանալի հաւանական արգելքները, մանաւանդ Հայերէն գիրքի նկատմամբ որդեգրելի հաւանական անտարբերութիւնը, իր Հոգեւոր Ծնողէն ստացած թելադրութեան առթած քաջութեամբ մտածեց այն ինչ, որ գուցէ ուրիշներ չմտածէին։ Յիշեց «Կամք, աշխատանք ու կորով. երեք ձիրքեր են, որով մարդ ծովու վրայ թէ հողի անպատճառ կը յաջողի» խօսքը եւ իմաստուն որոշումով կազմեց յանձնախումբը այնպիսի անդամներէ, որոնք հակառակ անոր որ փորձառութիւն չունէին,  ծանօթ էին որպէս «ուշիմ, աշխատասէր եւ հաւատացեալ անձեր» նաեւ բոլորը «կամքի տէր երիտասարդներ»։

Այս յանձնախումբին մաս կազմելու հրաւիրուած էի Թաթուլ Հայր Սուրբին կողմէ։ Գնալը Կղզին, ուր հասակ նետած էի, եկեղեցւոյ մէջ ուր ծառայած էի, կարելի՞ էր որ մերժէի նման առաջարկ մը։ Այդ յանձնախումբին մաս կազմած էին նաեւ սարկաւագ մը եւ ուրարակիր դպիր մը, որոնք այսօր կը ծառայեն Հայ Եկեղեցւոյ որպէս կուսակրօն հոգեւորականներ, առաջինը՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, իսկ երկրորդը՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Այս յանձնախումբի աշխատավայրն էր Գնալը Կղզիի Եկեղեցւոյ հովուատունը։ Կարելի չէ բառերով նկարագրել այս աշխատանքի միջավայրին մէջ տիրող կենսունակութիւնը։ Միայն այդ մթնոլորտը շնչելով այդ մթնոլորտին մէջ աշխատանք տանելով կարելի էր զգալ այդ կենսունակութիւնը։ Գիրքեր, թերթեր, հանդէսներ, նամակներ, պաշտօնագրեր, բոլորը պատրաստ օգտագործուելու։ Եւ այդ երեւոյթով տարտղնած սենեակին մէջ կը տիրէր  Թաթուլ Հայր Սուրբի մղիչ ու քաջալերող ներկայութիւնը։ Շատ գիշերներ միասնաբար լուսցուցինք համակարգիչին առջեւ, առանց տրտունջքի։ Եւ ի վերջոյ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր թելադրութեամբ սկսած աշխատանք մը պսակուեցաւ պատուական թագով, որ էր «Ներսէսեան Դպրաց Դաս Գնալը Կղզի 150» յուշամատեանը։

Սիրելի Հայր Սուրբ, Մեսրոպ Աբեղայով սկսած, Մեսրոպ Վարդապետով ու Մեսրոպ Եպիսկոպոսով շարունակուած ծառայութեան գիծը պահեցիր։ Այդ գիծը առանց ընդհատուելու շարունակուեցաւ հաւատացեալ եւ եկեղեցասէր երկսեռ աշակերտներու ներկայութեամբ։ Կենդանի վկաներէն եմ անձնապէս, թէ երիտասարդներ ինչպէս ոգեւորութեամբ կը փութային եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Սուրբ Գրական աշխատանքներուն, որոնց ընթացքին Թաթուլ Հայր Սուրբը հոգեւոր գիտութեան առընթեր կը ջամբէր նաեւ մեր ժողովուրդի նուիրական արժէքները։ Կը թելադրէր մնալ անոնց մէջ եւ ապրիլ՝ անոնցմով։

Վախճանմանդ առթիւ շատեր բնականաբար կրնան խօսիլ ներկայացնելով քու ծառայութեան երեսակները, սակայն նուաստս խոնարհաբար փափաքեցայ անդրադառնալ քու կարեւոր վաստակիդ, որով մականիդ ներքեւ գործած ազնիւ անձնաւորութեանց ներդրումով ու եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին ալ նիւթական զոհողութեամբ Գնալը Կղզին ունեցաւ պատմութիւն մը, որ կը ներկայացնէր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուած հոգեւոր ու մշակութային ձեռնարկները։

Յիշատակութեան այս բառերը կը վերջացնեմ քու բառերովդ. «Բի՜ւր յարգանք Ամենակալին, որ այսօր առիթը կ՚ունենանք գոհութիւն մատուցանելու Աստուծոյ՝ մեր նախնիներուն կատարած գործին համար, մեր ձեռքերուն մէջ ունինք հատոր մը եւ կ՚ապրինք պանծալի անցեալ մը՝ Դպրաց Դասուս հիմնարկութեան 150-րդ եւ վերակազմութեան 25-րդ տարեդարձները»։

Օրհնեալ ըլլայ յիշատակդ։ Աստուած ընդունի ծառայութիւններդ եւ հանգիստ շնորհէ հոգւոյդ ու արժանացնէ երկնային անթառամ պսակներուն։

15 Նոյեմբեր 2021

Աղբիւր։ https://www.facebook.com/krikor.damadyan 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın