Թուրքիոյ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղան 15 Նոյեմբեր 2021, Երկուշաբթի, հեռաձայնային տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ եւ Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման առթիւ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, հոգեւորականներուն եւ Հայ համայնքին։
Վսեմաշուք Նախագահը կապ հաստատեց նաեւ վախճանեալ Հայր Սուրբի եղբօր՝ Առէն Անուշեանի հետ, հետաքրքրուեցաւ հիւանդութեան եւ վախճանման պարագաներուն հետ եւ յայտնեց իր ցաւակցութիւնները հարազատներուն եւ ազգականներուն։
Բաց աստի, Հանրապետութեան Նախագահութեան Խորհրդական Ալի Արսլան եւս Նորին Ամենապատուութեան ցաւակցելով խնդրած է, որ իր ցաւակցութիւնները փոխանցէ Հայ համայնքին եւ ընտանեկան պարագաներուն։
Նորին Աrենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Վսեմաշուք Նախագահին եւ իր խորհրդականին, ընդգծելով թէ ցուցաբերուած զգայնութիւնը մխիթարական էր համայնքին եւ հանգուցեալի պարագաներուն համար։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun