İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԲԵՒԻՑԷ ՉԷԻ ՄՏԱԾԱԾ

(Գրի առաւ՝ Յարութիւն Աբղ. Տամատեան)

Աստուծոյ նախախնամութիւնն ու գործերը միշտ կը դառնայ խորախորհուրդ եւ մարդ արարածըմիշտ անկարող կը մնայ հասկնալու, թէ՝ ինչ է իր Արարչին նպատակը իր առօրեայէն ներս։Անժամանակ Աստուծոյ շփումը ժամանակաւոր մարդուն հետ միշտ անըմբռնելի կը մնայ, երբխնդրոյ առարկան է անսահմանի եւ սահմանաւորի, անգոյի եւ գոյացութեան, անծինի եւ ծնունդառածի յարաբերութիւնը։ Մեր հանուր կեանքի տեւողութիւն ընթացքին, վստահաբար շատ պահեր, դրուագներ եւ նոյնիսկ երբեմն ակնթարթներ կ՚ունենանք, որ պահ մը կը ձեռբազատուինքժամանակի գերութենէն եւ կը սկսինք մտածել «Խորհուրդ խորինի, անհաս եւ անսկիզբ»ի կամքինմասին ու մեր առաջին նախադասութիւնը կ՚ըլլայ ընդհանրապէս հետեւեալը. «Կամք Տեառն օրհնեալեղիցի»։

Աստուծոյ կամքին առջեւ երկրպագելը անկ է հաւատացելոց իրենց երջանկութեան եւ կամ վիշտիապրումներուն, խաղաղութեան եւ կամ յուսալքութեան պահերուն, ապաւինելով Աստուծոյխորհուրդներու զօրութեան։ 

Որովհետեւ մարդ արարածը տկար մնացած է Աստուածայինը ըմբռնելու մէջ եւ հետեւաբար կարիքնունի օգնականութեան «Իմաստութիւն Հօր Յիսուսի»։ Որովհետեւ Աստուած է որ կը ծրագրէընդհանրապէս, մարդկային ազատ կամքին մեծապէս յարգանք ցուցաբերելով եւ մարդն է որ կըդիտէ Աստուածային կամքին իրականացումը առանց առաջին իսկ մէկ պահուն հասկնալու…

Յատկապէս մահուան բօթերը առաւել եւս մտածել կուտան մարդ արարածին, որով անհատ մըդէպի անցեալ ճանապարհորդութիւն կը կատարէ օգտագործելով իր մտքին մէջ արձանագրուածյիշատակելի պահերը։ 14 Նոյեմբեր 2021, Կիրակի ուշ երեկոյեանը պատճառ եղաւ որ, շատերուսմտածողութիւնը պահ մը կանգ առնէ՝ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման անսպասելի լուրով, որ արտայայտութիւնն է շատերուն զարմանքին եւ յաջորդաբար կամայ եւ ակամայ մտածենք իրգործունէութեան մասին։ Վստահաբար շատ անձինք տարբեր երեսակներով, տարբերշեշտադրումներով պիտի մեկնաբանեն Հայր Սուրբի վախճանումը, ոմանք յիշատակի նժարինպիտի դնեն եւ պիտի փորձեն բառերով արժեւորել հանգուցեալի կեանքը, ոմանք յիշատակելի նկարմը պիտի գտնեն ու կարճ, սակայն խորհրդաւոր վերնագրով մը պիտի ամփոփեն իրենց մտքէն ուսրտէն դուրս ելածները։ Իմ կարգին երբ ես ալ անարժանաբար կը փորձեմ կատարել այս արարքընման շատերուն, օգտագործելով «Երբեւիցէ չէի մտածած» նշանաբանը։

Երբեւիցէ չէի մտածած, թէ՝ մօտաւորապէս քսան տարիներ միասին գործած նախ ուսուցիչը, ապամիաբանակիցը պիտի հեռանար այս աշխարհէն, ըսելով «Ելի ի Հօրէ եւ եկի աշխարհ, դարձեալթողում զաշխարհ եւ երթամ առ Հայր» (Յովհ. ԺԶ. 28) եւ այս լուրին իրազեկ պիտի դառնայի Պոլիսէնբաւականին հեռու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։ Երբեւիցէ չէի մտածած, թէ՝ պիտի ճամբորդէիՀոգիներու Լուսաւորչին հետքերով զարդարուն այս սրբավայրը, յաջորդ առաւօտուն պիտիմասնակցէի Գոհաբանական Ս. Պատարագին եւ նոյն գիշերը պիտի ստանայի Հայր Սուրբինվախճանման լուրը ու առաջին հանգստեան աղօթքս պիտի արտասանէի ընդ հովանեաւ ՄիածնաէջՍ. Տաճարին։ Այժմ առաջին հերթին ուսերուս վրայ կը բեռցուի այն պարտականութիւնը, որով պէտք էտեսնել ջանալ Աստուածային նախախնամութեան ներգործութիւնը նուաստիս հոգեւոր կեանքէններս։ 

Այս դժուարին պարտականութեան սկզբնաքայլին կը վերյիշեմ Ս. Յովհան Ոսկեբերանիխոկումներէն մին, որով աղօթքի զօրութիւնը ամենայն վայելչութեամբ կը ներկայանայ բոլորիսառջեւ. «Աստուծոյ կ՚աղօթէ ան, որ իր հոգին կատարելապէս կեդրոնացուցած է եւ երկրի հետ ոչ մէկընդհանուր բան ունի, այլ՝ կը վերաբնակուի երկինքի մէջ, հոգիէն արտաքսելով մարդկայինցանկացած դիտաւորութիւնը։ Աղօթողը պէտք է աղօթէ այնպէս, որպէսզի կեդրոնանանալով եւլարելով միտքը՝ տրտում հոգիով կանչէ զԱստուած՝ առանց բազմապատկելու բառերը եւհամառօտելով աղօթքը, այլ քիչ եւ պարզ բառերով աղօթէ, որովհետեւ ո՛չ թէ բառերու շատութենէն, այլ՝ հոգիի զգաստութենէն կախուած է աղօթքին տեղը հասնիլը»։ 

Որքա՜ն կը պատշաճին Ս. Յովհաննու խոկումը վշտահարներս աղօթքի առաջնորդնելու, խոկալու, կեդրոնանալու, նոյնինքն պահ մը առանձնանալու ապա՝ խորհրդաւոր ներկայութիւնը որոնելուԱստուծոյ, որպէսզի Աստուածային գերբնական ակէն ստանանք՝ մխիթարութիւն։

Տարիներ առաջ էր, երբ տակաւին նորընծայ Թաթուլ Աբեղայ, իր խարտաւիլակ՝ Տէր Հօրս Գրիգոր Աւ. Քահանայի հետ միատեղ կը ճամբորդէր Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն դէպի ԳնալըԿղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Մեծ Պահոց Բարեկենդանին զուգադիպող այս օրով սկսաւմեր ճանապարհորդութիւնը, որուն մէջ խառնուած էր ժամերգութիւնները, աղօթքը եւապաշխարութեան խորհուրդը։ Հետաքրքրական հանդիպում մըն էր, քանի նորընծայհոգեւորականը տակաւին քառասունքի մտնելու նախօրեակին Գատըգիւղի եւ ՔարթալիԵկեղեցիներուն մէջ կը մասնակցէր երեկոյեան ժամերգութիւններուն։ Որքա՜ն հետաքրքրականհանդիպում մըն էր այս մէկը, որուն որպէս ականատեսները միշտ կը խօսէինք այս բացառիկճանապարհորդութեան մասին։ Արտակարգ ճանապարհորդութեամբ առաջին հերթին ԳնալըԿղզիի մէջ միատեղ մուտք գործեցինք, որով տիրականը եղան անմոռանալի յիշատակի մը, որբազմիցս կը կրկնէինք զանազան առիթներով։ 

Նոյն ամառը, իր հոգեւոր ծնողին՝ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի հրամանաւ նշանակուեցաւԿղզեաց Հոգեւոր Հովիւ եւ մեր ծանօթութիւնը այլեւս վերածուեցաւ գործակցութեան ի պայծառութիւնՍ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ։ Առաջին այդ մի քանի տարիներուն էր, որ Գնալը Կղզիինմթնոլորտը ինծի եւ յատկապէս սիրելի եղբօրս Սայաթ Սարկաւագի համար վերածուեցաւ վանականկեանքի։ Ամէն առաւօտ եւ երեկոյեան, անխափան ժամերգութիւններ կը կատարէինք, միասնաբարկը ճաշէինք, եկեղեցական գիտելիքները կը զարգացնէինք եւ տակաւ առ տակաւ կը դառնայինքպատասխանատուութիւն ստանձնած սպասաւորները Գնալը Կղզիի Եկեղեցւոյ։ Երբ կ՚աճէինքմարմնով որպէս երիտասարդներ, միեւնոյն ժամանակ կ՚աճէինք հոգւով եւ մտքով՝ դառնալովկամաւոր ծառաները Քրիստոսի դաշտին։ Ո՜վ Աստուածային նախախնամութիւն, կը մտածեմ, կըխորհիմ, կը կշռեմ, թէ՝ պատանեկան եւ երիտասարդական տարիքիս վանքի մթնոլորտի վերածուածեկեղեցւոյ երբեմնի հոգեւոր հովիւին համար, տարիներ յետոյ ճշմարտապէս վանքի մը՝ Ս. Էջմիածնիհոգեշունչ մթնոլորտին մէջ, որպէս վեղարաւոր, պիտի արտասանէի «Քրիստոս Որդի Աստուծոյ» աղօթքը։ Ո՜վ Քրիստոս Որդի Աստուծոյ, անոխակալ եւ բարեգութ, Դուն լսէ, գիշերային խաւարին մէջՔո իսկ հիմնած Իջման Խորանի մերձաւոր աղօթք վերառաքող հոգեւոր զաւկիդ աղօքթը. Ամէն։

Երբեւիցէ չէի մտածած, թէ՝ հոգեւոր ճանապարհորդութեանս մէջ մաս եւ բաժին ունեցած ՀայրՍուրբը, վերստին տեսնելու առիթը պիտի չընծայուէր նուաստիս։ Սկսեալ դպրութենէ, եկեղեցականբոլոր աստիճաններուս տուուչութեան պահուն, բազմաթիւ հոգեւորականներու կարգին անուրանալիէր իր ներկայութիւնը։ Եկեղեցական առաջին մեծ աստիճանի՝ սարկաւագութեան եւ յաջորդաբար՝քահանայական ձեռնադրութեանս պահուն, որպէս խարտաւիլակներէն մին կ՚առաջնորդէր ծնկաչոքքայլերուս առ Ս. Սեղան։ «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» հոգեզմայլ եւ խորհրդաւոր երգը երբերեք անգամ երգուեցաւ նուաստիս համար՝ «Արժանի է» երգած հոգեւորականներէն մին դարձած էրլուսահոգին։ Իրեն համար եւս տարբեր փորձառութիւն մըն էր, նուաստս ունենալ որպէսմիաբանակից եւ հետեւիլ հոգեւոր ծառայութեան։ Ո՜վ Աստուածային նախախնամութիւն, կըմտածեմ, կը խորհիմ, կը կշռեմ, թէ՝ Աթոռոյս միաբանակից աւագ եղբօր համար Հայ Եկեղեցւոյբաբախուն սրտէն պիտի ասէի. «Աստուած հոգին լուսաւորէ». Ամէն։

Այլապէս, Աստուած կը տնօրինէ եւ մարդ արարածը կը դիտէ։ Այսպէս եղաւ ահա, Լուսահոգի ԹաթուլԾ. Վարդապետի վախճանումը եւ վախճանման յաջորդող թարմ զարգացումները։ Թէեւ մարմնապէսհեռու, սակայն սրտով մէկ եմ այս պահուն Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասուանդամներուն  եւ իրենց նման կ՚աղօթեմ հոգւոյ խաղաղութեան համար։ Վստահաբար տակաւինշատ բաներ պիտի գրուին, պիտի ընթերցուին եւ պատմութեան մէջ պիտի մնայ Հայր Սուրբինանունը մնայուն ներկայութիւն, առընչուած ըլլալով Պոլսոյ Աթոռոյ հետ։ 

Թող որ Աստուած, «ապաւինութեան վէ՛մ ըլլայ Հայր Սուրբին, եւ ամուր բերդ մը՝ զինք փրկելու, քանզիԱն է մեր վէմն ու ամրոցը» (Հմձյն. Սղմ. 71.3)։

Վշտակցութեամբ եւ աղօթքով՝

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

15 Նոյեմբեր 2021, Երկուշաբթի

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın