Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Միաբանութեան անդամներէն Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի խտացեալ դարմանման բաժնին մէջ իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Գերպ.Հայր Սուրբը բացի Ֆէրիգիւղի իր քարոզչական պաշտօնէն Պատրիարքական Աթոռի վարչական կազմին մէջ ունէր կարեւոր ծառայութիւն, վարելով Դիւանապետի, Լուսարարապետի պաշտօնները։ 2019ին Ազգային Պատգամաւորական Ժողովէն ընտրուած էր Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ անդամակցութեան եւ ընտրեալ ժողովականներու միաձայնութեամբ կոչուած էր ժողովի ատենապետութեան։
Ծնած էր 1966ին Ստանպուլ։ Քահանայ ձեռնադրուած եւ վեղար առած էր 2003ին ձեռամբ Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքին։ Վարդապետական եւ Ծայրագոյն Վարդապետական գաւազանները ստացած էր ձեռամբ իր Հոգեւոր Ծնողին։ Պատկ. Կրօնական Ժողովը որոշած էր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ընծայական տալ իրեն եւ իբր այդ դիմում ներկայացուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։
Իր վարչական կարողութեամբ ունեցած էր օգտակար ծառայութիւն։ Դժբախտաբար անողոք հիւանդութիւնը պատճառ դարձաւ որ երիտաբսարդ տարիքին հրաժեշտ առնէ իր եկեղեցիէն ու հաւատացեալ ժողովուրդէն։ Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի։
Վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան թուականը եւ վայրը կը ծանուցուի յետագայ օրերուն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun