Հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հօր, «Յիշելով Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը» յուշամատեանի շնորհանդէսը, տեղի ունեցաւ 11 Նոյեմբեր 2021, Հինգշաբթի, ժամը 21.00-ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Շիրինօղլու Սրահին մէջ։ Հանդիսութիւնը յատկանշական էր, քանի համավարակի պայմաններէն յետոյ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած առաջին հանդիսութիւնն էր եւ ընծայուած՝ Պոլսոյ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ իրականացած հանդիսութեան ներկայ էին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւորի Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիէն Յովհաննէս Թորգոմօղլու, Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան հայրերը, քահանայից եւ սարկաւագաց դասու անդամները, Տիրամայր Մարի Մութաֆեանն ու Երանաշնորհ Պատրիարքի հարազատները, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ մերազն ժողովուրդի անդամներ։ Թագաժահրի համավարակի պատճառաւ հանդիսասրահի տարողութիւնը սահմանափակուած էր։ Իսկ միւս կողմէ, հանդիսութիւնը ուղիղ կը սփռուէր Պատրիարքական Աթոռոյս կայքէջէն, որով ի սփիւռս աշխարհի շատեր կը հետեւէին հանդիսութեան։
Բեմին վրայ դրուած էր Մեսրոպ Պատրիարքի հսկայ իւղանկարը, որ աշխատութիւնն է յայտնի արուեստագէտ Էրօլ Սարաֆեանի։ Բաց աստի, ունկնդիրներ առիթն ունեցան առաջին անգամ մօտէն տեսնելու տպագրուած գեղատիպ հատորը, իսկ գրքի մէջ գործածուած նկարները պարբերաբար կը ցուցադրուէին բեմի պաստառի վրայ։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Մեսրոպ Պատրիարքի ձայնէն արտասանուած Տէրունական Աղօթքով, որուն յաջորդեց Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի առաջնորդութեամբ, Արմաշ Դպրաց Խումբի կողմէ երգուած «Կենդանարար Աստուած» շարականը։ Բացման խօսքը կատարեց Երազ Չաղլայեան, որ ստանձնած էր խօսնակութեան պարտականութիւնը եւ Մեսրոպ Պատրիարքը դրուատելով ըսաւ. «Լաւ առիթ է այս գիշերը, որպէսզի իրեն ձօնուած այս յուշամատեանով, վերստին սկսի իր ոգեկան սաւառնումը մեր մէջ։ Ուրեմն եկէ՛ք սկսինք ոգեւորիչ մեր այս յայտագրին։»
Ապա բարձրախօսը յանձնուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանին, որ ըլլալով Մեսրոպ Պատրիարք Հօր կեանքի ու գործունէութեան մերձաւոր վկաներէն մին, համառօտ գիծերով ներկայացուց գրասէր Մեսրոպ Պատրիարքը։
Տէր Հայրը ի միջի այլոց ըսաւ. «Գիրքի սիրահար էր Մեսրոպ Պատրիարք։ Ունէր ճոխ գրադարան եւ կ՚արժէր զինքը տեսնել որեւէ յօդուածի, խօսքի կամ պատգամի մը պատրաստութեան պահուն։ Կը նմանէր մեղուներու եւ գիտէր քաղել կարեւոր գիտելիքներ, մանաւանդ գիտէր թէ անոնք ուր կը գտնուէին։ Իր պատգամները արդիւնք էր մեղուաջան աշխատութեան։ Մեսրոպ Պատրիարք մինչեւ որ իր մտային կարողութիւնը ներեց, մնաց ուսանող եւ նոյնը թելադրեց իր ձեռնասուններուն եւ աշակերտներուն»։
Յաջորդաբար, Բրշ. Սեդրաք Սրկ. Տավութհան, ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Մեսրոպ Պատրիարքի կենսագրութիւնը։ Այսպէս ներկաներ լսեցին, Մինաս Սարկաւագէ դէպի Մեսրոպ Պատրիարք ճամբորդութիւնը եւ ճամբորդութեան մէջ Երանաշնորհ Պատրիարքին ընծայուած պատիւները։
Ներկայացուած կենսագրականին յաջորդեց, Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի «Մեսրոպ Պատրիարքէ Սրտի Խօսք» խորագրեալ ուղերձը, որուն մէջ դիմառնական ոճով ներկայացուց Մեսրոպ Պատրիարքի ձեռնադրութենէն մինչեւ վախճանում ունեցած հոգեւոր ծառայութեան պտուղները։ Հայր Սուրբը իր խօսքերը եզրափակեց հետեւեալ տողերով. «Շնորհակալութիւն որ աշխատութիւնս ապարդիւն չմնաց ձեր կամքով եւ շնորհակալութիւն ձեր բոլորիդ, քանի ձեզմով պիտի շարունակէ իմ անունս եւ թողածներս։ Յիշեցէ՛ք Ձեր Մեսրոպ Սրբազան Հայրիկը, մի մոռնա՛ք իր թողած աւանդները, սորուեցուցածները, արժէքները եւ մասնաւորապէս ապրելով ապրեցուցէք այս բոլորը»։
«Յիշելով Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը» յուշամատեանը այս տարուան մէջ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ հրատարակուած էր, որպէս հրատարակութիւնը Պատրիարքական Աթոռոյս։ Այս առթիւ, յուշամատեանը պատրաստող Հրատարակութեան Բաժնի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան ներկայացուց գիրքի պատրաստութեան ծրագիրն ու փուլերը։
Հայր Սուրբը, իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ գիրքը կը բաղկանար երկու հիմնական մասերէ։ Անոնցմէ առաջինն էր, Պատրիարք Հօր կենսագրութիւնը, պետական ու դիւանագիտական բարձրաստիճան անձերէ, Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներէ եւ հոգեւոր առաջնորդներէ ուղարկուած ցաւակցագրերը, ինչպէս նաեւ մինչեւ քառասունք հանգուցեալ Պատրիարք Հօր մասին գրի առնուած բոլոր գրութիւնները։ Իսկ երկրորդ բաժնին մէջ նկարներով կը ներկայացուէին բազմաթիւ դրուագներ՝ Պատրիարք Հօր մանկութենէն մինչեւ վախճանման քառասունքը։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ նուիրապետական աթոռներու գահակալներու կողմէ ուղարկուած ցաւակցագրերէ հատուածներու ընթերցումո։ Առ այդ, Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, Բրկ. Արտա Կսրկ. Փընարճեան եւ Բրկ. Գրիգոր Կսրկ. Կարապետեան կարդացին Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Հայ Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարքին խոհերէն պատառիկներ, որոնք տարբեր երեսակներով կը ներկայացնէին Մեսրոպ Պատրիարքը։
Հանդիսութեան ոգեւորութիւնը առաւել եւս աւելցաւ երբ սփռուիլ սկսաւ Մեսրոպ Պատրիարքի ձայնը։ Այդ ձայնը ունէր գրաւիչ զօրութիւն մը, որ ակամայ ունկնդիրներու ականջներուն մէջ կը թրթռային։ Մինչ այդ, իր կազմակերպած մանկանց դասերէն հասած անձեր մի առ մի վառ կանթեղներ թողուցին Մեսրոպ Պատրիարքի իւղանկարին առջեւ։ Ապա, Արմաշ Դպրաց խումբի անդամներ երգեցին Ս. Թարգմանչաց «Որք զարդարեցին» շարականը, երբեմնի Արմաշու Դպրեվանքի Քայլերգը եւ Մեսրոպ Պատրիարքի ամենասիրելի երգերէն «Լեռներ Հայրենի»ն ու «Նախ խնդրեցէք»ը։
Հանդիսութեան աւարտին հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Մեսրոպ Պատրիարքին ի պատիւ եղած սոյն հանդիսութեան համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը, յայտնեց, թէ Մեսրոպ Պատրիարքը ներկայիս կ՚ապրի շատ տեղեր, ըսելով. «Մեսրոպ Պատրիարքի անշունչ մարմնի հանգստավայրը եղած է Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատունը, սակայն ան ներկայիս կ՚ապրի շատ տեղեր։ Իրաւ է, թէ այս յուշամատեանի հեղինակը Երանաշնորհ Պատրիարքը չէ եղած, սակայն՝ ինք գրի առած էր յիշողութեան յուշամատեանը, որ արձանագրուած էր մարդկային մտքին մէջ։ Այսպէս ան կ՚ապրի զանազաններու մտքերուն մէջ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրին մտքին մէջ գրի առնուեցաւ այդ յուշամատեանը եւ Մեսրոպ Պատրիարք ինքը գրեց այդ մէկը ու մտաւ մեր յիշողութենէնէն ներս։ Հոն է ինքը, մերթ պիտի ժպտայ մեզի, նկարներ, տեսաերիզներ, խօսքեր, քարոզներ, դրուագներ դուրս պիտի գայ այդտեղէն»։
Պատրիարք Հայրը, յաջորդաբար յայտնեց, թէ մօտաւորապէս 35 տարիներ, հայ մամուլի սիւնակներուն մէջ միշտ ներկայ եղաւ Մեսրոպ Պատրիարքը։ Ըլլայ կրօնական, ըլլայ մշակութային նիւթով մը եւ կամ գաղափարով մը եւ կամ ժխտական երեսակով ան միշտ ներկայ եղած էր մամլոյ էջերուն մէջ ու այսպիսով անմահացած՝ պատմութեան էջերուն մէջ։ Ըստ Սահակ Պատրիարքի, շատ քիչերուն կը վիճակէր պատմութեան մէջ անմահանալու առիթը եւ Մեսրոպ Պատրիարքը այն անձն էր, որուն աշխոյժ գործունէութեան կը վկայէին անչնչելի էջերը։ Այս շրջագիծով, յայտնեց, թէ մամլոյ սիւնակներուն մէջ ամբարուած էին ծովածաւալ գիտելիքներ, որոնք օգտագործուելով ապագային ուսումնասիրողներ պիտի արտայայտուէին Մեսրոպ Պատրիարքի մասին։ Այս մէկը առիթ պիտի ըլլար, որ ապագային իր մասին գրուէին այլ գիրքեր ու կատարուէին՝ ուսումնասիրութիւններ։
Պատրիարք Հայրը, իր խօսքերու աւարտին անդարդարձաւ Տիրամայր Մարի Մութաֆեանին եւ յայտնեց, թէ Պատրիարք Հօր հիւանդութեան շրջանին յատկապէս իր եզակի նշանակութիւնը ունեցած էր Տիրամայրը։ Աւելի քան տասը տարիներ ան քովն էր Պատրիարք Հօր՝ սնարին շուրջ, առանց իր յոյսը կորսնցելու։ Այս առումով, գնահատանքի արժանի էր իր կեցուածքը՝ որպէս մայր։ Պատրիարք Հայրը այս պատճառաւ գրքի առաջին օրինակը նուիրեց Տիրամայր Մարի Մութաֆեանին, յայտնելով, թէ Մեսրոպ Պատրիարքի յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ Պատրիարքական Աթոռոյ մօտ։
Պատրիարք Հօր յուզումնախառն արտայայտութիւններէն յետոյ, Երանաշնորհ Պատրիարքին հոգւոյն ի հանգիստ արտասանուեցաւ աղօթք եւ ապա՝ միասնաբար երգուած Տէրունական Աղօթքով իր աւարտին հասաւ հանդիսութիւնը։
Հանդիսութեան աւարտին, մասնակիցներ ստացան նորատիպ գիրքերէն օրինակներ, որոնց մէջ կը գտնուէին Ամենապատիւ Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր երախտագիտական տողերը առ Մեսրոպ Պատրիարք եւ ընթերցողներուն ուղղեալ բարեմաղթական տողեր։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun