Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 10 Նոյեմբեր 2021, Չորեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ՝ Եկեղեցւոյ Երէց Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեանի եւ Ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի։
Թաղային Խորհուրդի անդամները Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու Եկեղեցւոյ տօնախմբութեան, որ պիտի կայանայ 27 Նոյեմբեր 2021, Շաբաթ։ Եկեղեցւոյ մէջ համավարակի պատճառաւ մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր արարողութիւն չէր կատարուած եւ տօնախմբութիւնը առիթ պիտի ըլլար, որ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցուէր։ Անոնք Պատրիարք Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ իրենց գործունէութեանց մասին։ Այս շրջագիծով, յայտնեցին, թէ՝ եկեղեցւոյ մէջ խոնաւորութեան պատճառաւ բարեզարդման աշխատութիւններ կը կատարուէին եւ այս մասին եւս արտայայտուեցան։
Պատրիարք Հայրը լսեց փոխանցուած տեղեկութիւնները եւ ուրախութիւնը յայտնեց, քանի Պէյքօզի Եկեղեցւոյ մէջ երկար ժամանակ յետոյ արարաղութիւն տեղի պիտի ունենար։ Մեր Հոգեւոր Պետը, հետաքրքրուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ գործունէութեան հետ, անդրադարձաւ եկեղեցւոյ կատարած օժանդակութեանց եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun