İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Պատմական օր Հայ դատի համար. Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատն առաջին ընթերցումով ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծը

Այսօր պատմական օր է Հայ Դատի համար։ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծին առաջին ընթերցումը անցած է առանց առարկութիւններու։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՅԴ Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբը:

«Յաջորդ ընթերցումը տեղի պիտի ունենայ 2022-ի Մարտ 18-ին: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Թիմ Լաութոնին եւ բոլոր հովանաւորներուն այս յաջողութեան համար»:

Նշենք, որ Նոյեմբեր 9-ին, Մեծ Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին մէջ կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին առաջին ընթերցումը։ Օրինագիծը ներկայացուցած է պահպանողական խորհրդարանական Թիմ Լաութոնը: Նպատակն է պաշտօնական ճանաչման եւ յիշատակութեան միջոցով ոգեկոչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Օրինագիծը ունի հիմնական երեք դրոյթ․ առաջին՝ Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր յարակից տարածքներուն մէջ 1915-1923թթ․ ընթացքին հայութեան ջարդերու պաշտօնական որակում՝ իբրեւ ցեղասպանութիւն, երկրորդ՝ ցեղասպանութիւններու, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ամենամեայ ոգեկոչում, երրորդ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր առնչուող մարդու իրաւունքներու ժամանակակից խախտումներու եւ պատերազմական յանցագործութիւներու վերաբերեալ կրթութեան եւ հանրային տեղեկացուածութեան խթանում։

Ըստ ՀՅԴ Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը այդ երկրի համար կարեւոր է քանի մը պատճառներով: Նախ՝ օրինագիծին ընդունումը պիտի հաստատէ Մեծ Բրիտանիոյ հաւատարմութիւնը «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագրին եւ անոր հիմնական արժէքներուն։ Երկրորդ՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Մեծ Բրիտանիան պիտի ամրապնդէ իր հաւատարմութիւնը համամարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, քանի որ նման ծաւալի յանցագործութիւնը չճանչցուած ձգելը անպատժելիութեան վտանգաւոր ուղերձ է. անպատիժ յանցագործութիւնը խրախուսուող յանցագործութիւն է: Երրորդ՝ Միացեալ Թագաւորութեան, իբրեւ համաշխարհային խաղացողի դերն ու պարտականութիւնն է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ առաջ մղել Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը եւ մեծցնել մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու վերաբերեալ հանրային տեղեկացուածութիւնը:

Yerakouyn.com


Batı Ermenistan Ve Batı Ermenileri Sorunları Araştırma Merkezi

Yorumlar kapatıldı.