İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Նոյեմբեր 2021, Երկուշաբթի առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի եւ Խորհուրդի Ատենապետ Մէսուտ Էօզտէմիրի։

Անոնք Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու իրենց աւանդական մատաղօրհնութեան, որ պիտի կայանայ 14 Նոյեմբեր 2020 Կիրակի՝ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ։ Այցելուներ Պատրիարք Սրբազան Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ Եկեղեցւոյ եւ Տատեան Վարժարանի հետ առընչուած զանազան հարցերու մասին։ 

Պատրիարք Հայրը լսեց հիւրերուն փոխանցած տեղեկութիւնները եւ հայրական թելադրութիւններ ըրաւ այցելուներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւս յայտնեց թէ՝ այս շրջանին հոգեւոր եւ կրթական համակարգը մեծապէս ազդուած էր քաղաքիս մէջ եւս։ Այս առումով, այդ դժուարին կացութեան մէջ, առաւել եւս կարողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın