İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱԶԳԷՆ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Նոյեմբեր 2021, Շաբաթ, միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան Թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներէն Գերպ. Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Գարայեանը։

Հայր Սուրբը, որ նախկին Պոլսեցիներէն է, իր եղբօրը յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցելու համար կը գտնուէր եւ քաղաքավարական այցելութեամբ կը ներկայանար Պատրիարք Հօր։ Հանդիպման ընթացքին, Նորին Ամենապատուութիւնը Հայր Սուրբին բարի գալուստ մաղթեց եւ ցաւակցութիւն յայտնեց իր եղբօրը վախճանման առիթով։ Այս առթիւ Մեր Հոգեւոր Պետը, իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց նաեւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Դանիէլ Եպիսկոպոսին եւ յաջողութիւն մաղթեց Արեւելեան Թեմէն ներս տարած գործունէութեան մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın