Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Նոյեմբեր 2021, Երկուշաբթի, ժամը 17.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Կղզեաց Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ Կղզեաց ՀոգեւորՀովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի եւ Ատենապետ՝ Լեւոն Շատեանի։
Հիւրերը Պատրիարքարան փութացած էին, որպէսզի ամրան շրջանին յաջորդող այս օրերունՊատրիարք Հօր ներկայանան եւ եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեն։Ամրան շրջանի աւարտին, այս այցելութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունէր, նկատի ունենալով որեկեղեցին առաջին հերթին պաշտօնապէս կը ներկայացնէր եկեղեցւոյ կողմէ աշակերտներույատկացուած կրթաթոշակներու ընդհանուր գումարը։ Գնալը Կղզին, բացի ամառնային շրջանիգործունէութենէ, նման առաքելութեամբ կը ջանար աշակերտներուն կրթական կեանքին նպաստելձմրան եղանակին։ Եկեղեցին ընկերային օժանդակութեան համար եւս իր սնտուկէն բաժինյատկացուցած էր կարիքաւոր ընտանիքներուն։
Հանդիպման ընթացքին, կրթաթոշակներուն համայնքային կեանքէ ներս ունեցած կարեւորութիւնըշեշտուեցաւ եւ այս ուղղութեամբ գաղափարի փոխանակումներ տեղի ունեցան։ Պատրիարք Հայրը, յիշեց քաղաքիս մէջ կրթաթոշակ յատկացնող այլ համայնգային հասատութիւնները եւս եւ այսշրջագիծով գնահատեց Գնալը Կղզիի Թաղային Խորհուրդի բարենպատակ մերձեցումը ութելադրեց, որ լաւ պիտի ըլլար յաջորդ շրջաններուն կապ հաստատել կրթաթոշակ յատկացնող այլհաստատութիւններու հետ եւս, որպէսզի համայնքային կեանքէ ներս առաւել եւս արդիւնաւորուիկրթաթոշակի յատկացումը։
Բաց աստի, հիւրեր շեշտեցին, թէ՝ հակառակ համավարակի շրջանին, Գնալը Կղզիին մէջ լաւ ամառմը անցած էր, նկատի ունենալով որ Պատրիարք Հայրը առաւել եւս բնակած էր Պատրիարքարանիամառնային շէնքին մէջ եւ այս մէկը առիթ եղած էր որ, կղզեցի ժողովուրդը առաւել եւս համախմբուիիր հովուապետին շուրջ։ Անոնք մաղթեցին, որ նման առիթները յաջորդ տարի առաւել եւս շատնան։Իսկ միւս կողմէ, Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, թէ՝ այս ամառ ոգեւորիչ պահեր ապրած էր Կղզիի մէջ եւայս մէկը արդիւնք էր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած մարմիններուն համագործակցութեան։ Ինք, այս առումով իր գնահատանքը յայտնեց, ներկաներուն եւ մաղթեց որ յաջորդ ամառ կրկնուին նոյնառիթները, համավարակէ հեռու աւելի լաւ պայմաններու ներքեւ։
Սոյն հանդիպումը նաեւ յատկանշական բնոյթ մը ունէր Իշխանաց Կղզիներէ ներս, քանի եկեղեցւոյվարչութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց Պատրիարք Հօր վերջին կարգադրութեան համար, ըստորում Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Յարութիւն Աբեղան, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եւսօրհնութեամբ, ժամանակաւորապէս պիտի մեկնէր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։ Անոնք, որպէսվարչութիւն յանուն եկեղեցւոյ ընտանիքին, իրենց տպաւորութիւնները փոխանցեցին ՊատրիարքՀօր եւ այս առթիւ մաղթեցին, որ Հայր Սուրբի ճանապարհորդութիւնը, բարեբեր ըլլայ թէ՛Պատրիարքական Աթոռոյ եւ թէ՛ Կղզեաց ժողովուրդին։ Պատրիարք Հայրը, իր կարգին, ուրախութիւնյայտնեց, տեսնելով հոգեւոր հովիւին եւ եկեղեցւոյ մարմնի անդամներուն միասնականութիւնը։
Հանդիպման աւարտին, Պատրիարք Հայրը, իր օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն եւ մաղթեց որեկեղեցւոյ գործունէութիւնը միշտ ըլլայ կանգուն եւ համայնքէ ներս ստեղծէ ոգեւորութիւն։
İlk yorum yapan siz olun