Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 5 Նոյեմբեր 2021, Ուրբաթ առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական Ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն ու խորհրդատու Նաղաշ Յակոբեանը։
Հիւրերը յայտնեցին, թէ՝ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական Ներկայացուցչութեան հիմնադրման 20-ամեակին առթիւ ծրագրուած էր միջոցառում։ Անոնք, զրոյցի ընթացքին մանրամասնութիւնները փոխանցեցին ծրագրին եւ այս առթիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին միջոցառման։ Բաց աստի, իրենց գործունէութեան մասին ընդհանուր գիծերով տեղեկութիւններ փոխանցեցին։
Մեր Հոգեւոր Պետը, ուրախութեամբ ողջունեց 20-ամեակը եւ այս ծիրէն ներս ծրագրուած հանդիսութիւնը։ Այս առթիւ յաջողութիւն մաղթեց հիւրերուն իրենց գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun