İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱԼՖԱՅԵԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 5 Նոյեմբեր 2021, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գալֆայեան Տան խնամակալութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Վարժարանի հոգեւոր խորհրդատու՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Առաքինազարդ Քոյր Գայեանէ Կսրկ. Տուլքատիրեան։

Այցելուները, յայտնեցին որ 21 Նոյեմբեր 2021, Կիրակի առաւօտ, հոգեհանգստեան Ս. Պատարագի մատուցմամբ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուէր Գալֆայեան Տան հիմնադիր՝ Սրբուհի Մայրապետ Գայֆայեանի, ինչպէս նաեւ Գալֆայեան ուխտի միաբանութեան հանգուցեալ մայրերու եւ քոյրերու հոգւոցն ի հանգիստ։ Նաեւ յայտնեցին, թէ՝ համավարակի պատճառաւ այս տարի եւս սիրոյ սեղան տեղի պիտի չունենար։ Իսկ միւս կողմէ, խնամակալութեան անդամները Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին նաեւ Գալֆայեան Վարժարան, որպէսզի իր հայրական օրհնութիւնը տարածուի վարժարանի շէնքէն ներս։ 

Հիւրերը, նաեւ ընդարձակ գիծերով պատկերացուցին վարժարանի ներկայ վիճակը։ Անոնք յայտնեցին, թէ՝ յետ համավարակեան շրջանին յատկապէս վարժարանի գիշերօթիկի բաժնին մէջ սահմանափակ թիւով աշակերտներ ընդունուած էին եւ առաւել եւս միջոցներ ձեռք բերուած էին առ ի զգուշութիւն։ Հիւրերը, աշակերտութեան եւ վարժարանի առաքելութեան մասին արտայայտուելու պահուն, շեշտեցին նաեւ թէ վարժարանի աշակերտութեան թիւը կը նուազէր։ Այս շրջագիծով գաղափարի փոխանակում տեղի ուներաւ։ Իսկ միւս կողմէ, անոնք յայտնեցին, թէ բոլոր միջոցները ձեռք կը բերէին, որպէսզի պատմական այս վարժարանը շարունակէ իր առաքելութեան։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը, այցելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց եւ անդրադարձաւ Գալֆայեան Տան յատուկ նշանակութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը լսեց փոխանցուած տեղեկութիւնները եւ յայտնեց, թէ՝ գնահատելի էին վարիչներու կամքը վարժարանը ամուր պահելու կապակցութեամբ։ Յատկապէս կարեւորեց Տիանա Գամբարոսեանի անցեալի ծառայութիւնը, որուն որպէս հետեւանք վարժարանէ ներս աշակերտութեան թիւը բարձրացած էր։ Իսկ միւս կողմէ, համավարակի շրջանը դժբախտաբար ազդած էր համայնքային վարժարաններուն եւ Գալֆայեանը անմասն չէր մնացած այս իրողութենէն։ Ուստի, Մեր Հոգեւոր Պետը հայրական թելադրութիւններ ըրաւ այցելուներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın