Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Նոյեմբեր 2021, Չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին, Պատրիարքարանի ժողովասրահին մէջ ընդունեց համայնքային նախակրթութեան վարժարններու տնօրէնները։ Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Հանդիպումը սկիզբ առաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։ Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնը, գոհունակութեամբ ողջունեց տնօրէններու ներկայութիւնը, որոնք սիրով ընդառաջած էին իրենց եղած հրաւէրին։ Մեր Հոգեւոր Պետը, ընդգծեց մեր վարժարաններու առաքելութիւնը եւ յատկապէս նշեց կրօնագիտութեան եւ հայերէնի ուսուցման կարեւորութիւնը։ Հետաքրքրուեցաւ, մեր վարժարաններու մէջ այս երկու դասերու ուսուցման եղանակով։
Նորին Ամենապատուութիւնը, որ նախապէս վարած էր Սահակեան Վարժարանէ ներս ուսուցչական եւ Մայր Աթոռոյ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանէ եւ Երուսաղէմի Ս. Թարգմանչաց Վարժարանէ ներս տեսչական պաշտօններ, իր ձեռք բերած փորձառութեամբ եւ հաղորդական ոճով բացատրեց կրօնագիտութեան ուսուցիչներու այս մարզէն ներս փորձառութիւն եւ գիտութիւն ձեռք բերելու կարեւորութիւնը։ Նշեց թէ որպէս Պատրիարք պատրաստ էր ընդառաջելու այս ուղղութեամբ ներկայացուած խնդրանքներուն, քանի որ կրօնագիտութիւնը պէտք էր աւանդուէր հաւատաւոր կեցուածքով։
Ներկաներ, այս ուղղութեամբ ունեցան առաջարկներ, որոնք գլխաւորաբար կեդրոնացած էին ներկայանալի դասագիրքերու պատրաստութեան ուղղութեամբ, քանի որ այս գիրքերու պակասին պատճառաւ դասաւանդութիւնը շատ անգամ գրաւիչ չէր գար աշակերտներու։ Նորին Ամենապատուութիւնը, տեղին գտաւ նման առաջարկները եւ ընդգծեց, թէ՝ միասնական աշխատանքով կարելի կ՚ըլլար կեաքի կոչել նման ծրագիրներ։
Ներկաներ, շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն ընդունելութեան համար եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, քանի որ Մեր Հոգեւոր Պետը անձնապէս կը հետաքրքուէր իրենցմով։
Հանդիպման աւարտին, Պատրիարք Հայրը, «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ներկաները։ Բաց աստին, իւրաքանչիւր տնօրէնին նուիրեց Պատրիարքական Աթոռոյս վերջին հրատարակութիւններէն «ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ – KİTAB-I MUKADDES’TEN – FROM THE HOLY BIBLE» գիրքէն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun