İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ

Ստանպուլի մեծայարգ Կուսակալ Ալի Երլիգայան, 2 Նոյեմբեր 2021, Երեքշաբթի, ժամը 16.30-ին Պատրիարքարան այցելեց եւ Պատրիարքական պաշտօնական ընդունարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Փափկավարական այցելութեան ընթացքին, մեծայարգ Կուսակալը յայտնեց, թէ՝ երկար ժամանակէ ի վեր փափաքն ունէր Պատրիարքարան այցելել եւ Պատրիարք Հօր հետ հանդիպում ունենալ։ Նորին Ամենապատուութիւնը, բարի գալուստ մաղթեց Կուսակալ Երլիգայային եւ յայտնեց, թէ՝ պատիւ կը գզար Ստանպուլի Կուսակալը Պատրիարքարանի մէջ հիւրասիրելով։ Ջերմ հանդիպման ընթացքին, գաղափարի փոխանակումներ տեղի ունեցան համավարակի յառաջացուցած ընկերային զարգացումներու եւ այլազան հարցերու մասին։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը, հանդիպման ընդացքին անդրադարձաւ նաեւ համայնքային ընտրութիւններու հարցին շուրջ։ Իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ՝ պատկան մարմինները կը հետաքրքուէին այս հարցով եւ յոյս ունէր որ լուծման պիտի հանգէր։  

Հանդիպման աւարտին ստորագրեց նաեւ պատւոյ տոմարը եւ Նորին Ամենապատուութիւնը ի յիշատակ սոյն այցելութեան նուիրեց Արսէն Եարմանի հեղինակած «Osmanlı Sağlık Hizmetlerinde Ermeniler ve Surp Pırgiç Ermeni Hastanesi Tarihi» գիրքէն օրինակ մը։

Մեծայարգ Կուսակալը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, ընծայուած հիւրասիրութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ Մեծայարգ Կուսակալը առաջնորդեց Պատրիարքարանի Մայր Դուռը։ Իսկ, Կուսակալը հրաժեշտ առաւ գոհունակութեամբ։ 

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın