Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նահագահութեամբ, 2 Նոյեմբեր 2021, Երեքշաբթի երեկոյեան, Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը Պատրիարքարանի մէջ ժողով գումարեց։
Հանդիպման ընթացքին, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր շրջանին կատարելի օժանդակութիւններու մասին քննարկումներ տեղի ունեցան։ Վարիչներ, աշխատութեան բովանդակութիւնը Նորին Ամենապատուութեան ներկայացուցին եւ այս շրջագինծով կատարուեցան վերջին հպումները։ Բաց աստի, ընկերային այլ օժանդակութիւններու մեթոտը եւս վերանայուեցաւ։ Գաղափարի փոխանակումներու հիմնական առանցքը դարձաւ, օժանդակութիւններու առաւել եւս զարգացումը եւ ընդարձակումը։
Հանդիպման աւարտին, Պատրիարք Հայրը կարեւորեց Պատրիարքական Աթոռոյս հովանիին ներքեւ կատարուած սոյն առաքելութիւնը։ Այս շրջագիծով յանձնախումբի նախորդ աշխատութիւնները գովեց եւ իր օրհնութիւնը բերաւ կատարելի յաջորդ աշխատութեանց։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun