İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄՕՏ ԴԱՆԻՈՅ ԱՒԱԳ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԱԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 2 Նոյեմբեր 2021, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Անգարայի մօտ Դանիոյ Աւագ Դեսպան Տէնի Աննանը։

Այցելու Դեսպանը եկած էր քաղաքավարական այցելութեամբ՝ ծանօթանալու համար Թուրքիոյ Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին՝ Պատրիարքարանին եւ Նորին Ամենապատուութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը ինչ ինչ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ստանպուլահայ համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյ մասին։ 

Մեծայարգ Դեսպանը յայտնեց իր գոհունակութիւնը։ Իսկ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առթիւ, նաեւ կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Դեսպանին իր պաշտօնին մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın