İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ Ս.ԹԱԴԷՈՍ – Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Նոյեմբեր 2021, Երկուշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս – Ս. Բարթողիմէոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ՝ Եկեղեցւոյ Երէց Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանի եւ Ատենապետ Մուրատ Քարամանի։

Այցելուներ յայտնեցին, որ Ս. Թադէոս – Ս. Բարթողիմէոս Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 5 Դեկտեմբեր 2021, Կիրակի։ Այս առթիւ Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին տարեկան տօնախմբութեան։

Հիւրերը, եկեղեցւոյ կալուածական զարգացումի մը մասին տեղեկութիւն տուին Նորին Ամենապատուութեան։ Աւետեցին թէ՝ Ֆաթիհի Աքսարայ շրջանին մէջ եկեղեցին ունէր 72 քառակուսի մէթր անշարժ կալուած մը, որ նախապէս ապասեպհականացուած էր Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան կողմէ։ 2012ին սկսած դատական գործընթացքը, անցեալ տարի իր աւարտին հասած ըլլալով ներկայիս հատուցում կատարուած էր եկեղեցւոյ սնտուկին։  

Մեր Հոգեւոր Պետը իր ուրախութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ հետ առընչուած լաւ զարգացումը լսած ըլլալով։ Մաղթեց որ այս հատուցումը, գործածուի նաեւ յօգուտ այլ համայնքային հաստատութիւններու։ Վարչայիններ եւս իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին, թէ՝ պիտի օժանդակեն նաեւ համայնքային վարժարաններուն։ Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ օրհնեց այցելուներուն աշխատութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın