İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հանրապետութեան Տօնին առթիւ Ստանպուլի Չըրաղան Պալատին մէջ 28 Հոկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի երեկոյ, Մեծայարգ Կուսակալ Ալի Երլիգայայիի եւ Հաթիճէ Նուր Երլիգայայի հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանար Գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ընդունելութեան ներկայ եղան նաեւ Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու, Քոյր եկեղեցիներէ հոգեւոր առաջնորդներ, Հրէից Խախամապետը, պաշտօնական դէմքեր, դիւանագիտական անձեր եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ։ 

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, այս առթի Մեծայարգ Կուսակալ Ալի Երլիգայային փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռոյ եւ համայնքիս շնորհաւորանքը։ 

Ընդունելութեան ընթացքին, ուրախութիւն էր նաեւ վայելել համայնքիս անդամներէն Լեւոն Քորտոնճեանի կողմէ պատրաստուած «Հանրապետութեան Դերձակատունը» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որով կը ներկայացուէին Մեծն Աթաթիւրքի զգեստներէն նմոյշներ։ Կուսակալ Ալի Երլիգայայի գլխաւորութեամբ հիւրեր շրջեցան այս հետաքրքրական ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին Մեր Հոգեւոր Պետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ գնահատանքը փոխանցեց Քորտոնճեանին։ 

Իսկ 29 Հոկտեմբեր, Ուրբաթ առաւօտեան, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր հետն ունենալով Արժ. Տ. Շիրվան Քահանան, այցելեց Կուսակալութիւնը եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ համայնքին շնորհաւորեց Մեծայարգ Կուսակալ Ալի Երլիգայան։

Բաց աստի, 28 Հոկտեմբեր, Հինգշաբթի երեկոյեան, Թաքսիմի հրապարակին վրայ Պէյօղլուի Քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն մը, որուն յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Երէց՝ Հոգ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան։ Հայրսուրբը, Հանրապետութեան Տօնին առիթով, Քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզին փոխանցեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ողջոյններն ու շնորհաւորանքը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın