Ստանպուլի նշանաւոր կառոյցներէն «Աթաթիւրք Մշակութային Կեդրոնը», որ երկար ժամանակէ ի վեր նորոգութեան մէջ էր, 29 Հոկտեմբեր 2021, Ուրբաթ, երեկոյեան կատարուած հանդիսաւոր արարողութեամբ պաշտօնապէս բացուեցաւ։ Հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Վսեմաշուք Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի կազմակերպուած հանդիսութեան, հոգեւոր առաջնորդներու կարգին հրաւիրուած էր նաեւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Մեր Հոգեւոր Պետին կ՚ընկերանար Գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Պաշտօնական, կուսակցական, դիւանագիտական բազմաթիւ անձերու հրաւիրուած հանդիսութեան հիւրընկալն էր Մշակոյթի եւ Զբոսաշրջութեան Նախարար Մէհմէտ Նուրի Էրսօյը։
Մօտաւորապէս 2,5 տարի տեւած վերակառուցման աշխատութիւններէն յետոյ, պատմական կեդրոնը, նոր դիմագիծով եւ արդիական տեսքով ուշադրութիւնը գրաւեց ներկաներուն։ Այս առթիւ, Նախարար Էրսօյը եւ Վսեմաշուք Նախագահը, ելոյթներ ունեցան եւ ողջունեցին այս պատմական բացման արարողութիւնը։ Անոնք մաղթեցին, որ այս նոր շէնքը իր նոր շունչով նպաստէ մշակոյթի զարգացման եւ ապագային դառնայ համաշխարհային չափանիշով հանդիսութիւններու հիւրընկալը։ Այս հանդիսութիւնը ձօնուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան 98 ամեակին։ Բացման հանդիսութեան ընթացքին, տեղի ունեցաւ լուսարձակներով ներկայացում մը, որով նորակառոյց շէնքը լուսաւորուեցաւ եւ շէնքի արտաքին պատերէն ցոլացան կեդրոնի պատմականին հետ առընչուած նկարներ։
Իսկ, հանդիսութեան ամենէն յատկանշական բաժինը դարձաւ, «Սինան» անուանեալ Օփէրայի անդրանիկ ներկայացումը։ Կեդրոնի Օփէրայի սրահին մէջ իրականացած այս ներկայացումը, Թրքերէնով գրի առնուած աշխատութիւն մը ըլլալու բնոյթը ունէր։ Իսկ միւս կողմէ, ներկայացման մէջ ուրախութիւն էր վայելել նաեւ հայազգի օփէրայի արուեստագէտներ Այլին Աթէշի, Գեւորգ Դաւիթեանի եւ Սերճան Կազէրօղլուի եւս մասնակցութիւնը։
Մեր Հոգեւոր Պետը, առանձնակի զրոյցներու ընթացքին մեծապէս գնահատեց այս կեդրոնի բացումը եւ մաղթեց որ կոթողային այս ճարտարապետութիւնը նպաստէ մշակոյթի առաւել եւս զարգացման։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun