Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 26 Հոկտեմբեր 2021, Երեքշաբթի, ժամը 08.30-ին օդային ճամբով մեկնեցաւ Տիյարպաքըր։ Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանային Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։
Այցելութիւնը յատկանշակ իմաստ կը զգենու, նկատի ունենալով որ Մեր Հոգեւոր Պետը, իր հովուապետական անդրանիկ այցելութիւնը կը շնորհէ Տիգրանակերտ եւ տեղւոյն վրայ քննարկելու առիթը կ՚ունենայ քաղաքի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ կացութիւնը։
Պատրիարք Հայրը, Տիյարպաքըրի Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ Գաւառի Տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Էրկիւն Այըքի, նոյն վարչութեան անդամներէն Կաֆֆուր Թիւրքայի եւ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեանի կողմէ։ Բաց աստի, նոյն օդանաւով Տիյարպաքըր փութացած էին՝ Թէքին Տէմիրճեան եւ վարչութեան անդամներէն՝ Քէնան Սարրաֆ։
ՏԻՅԱՐՊԱՔԸՐԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Պատրիարք Հայրը, իր հետ ունենալով Ծխական Խորհուրդի անդամներն ու հոգեւոր հայրերը, ժամը 11.30-ին, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Տիյարպաքըրի Կուսակալ Միւնիր Քարալօղլուին։
Մեծայարգ Կուսակալը, առաջին հերթին շնորհաւորեց Պատրիարք Հօր ընտրութիւնը եւ ուրախութեամբ ողջունեց յետ ընտրութեան տրուած առաջին այցելութիւնը՝ Տիյարպաքըր։ Այս այցելութիւնը, առիթ պիտի դառնար, որպէսզի Պատրիարք Հայրը, այցելէ տեղւոյն եկեղեցիները։
Հանդիպման ընթացքին, Կուսակալ Քարալօղլուն հետաքրքրուեցաւ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ կացութեան հետ։ Լաւ տեսարան էր, թէ՝ եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատութիւնները կանոնաւոր կ՚ընթանային եւ կը նախատեսուէր աշխատութիւնները իրենց աւարտին հասցնել գարնան շրջանին։ Այնուհետեւ, յայտնուեցաւ, թէ՝ աշխատութիւնները եթէ բնականոն ձաւով ընթանան, Ս. Զատկի շրջանին կը նախատեսուի եկեղեցւոյ պաշտօնական բացման արարողութիւնները կատարել։
Կուսակալը նաեւ հետաքրքրուեցաւ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ կացութեամբ։ Այս առթիւ մաղթեց, որ Ս. Սարգիս Եկեղեցին ալ նմանողութեամբ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերանորոգուի եւ պատշաճ ժամանակին բացումը կատարուի։ Եկեղեցին իր ճարտարապետութեամբ փոքր օրինակն էր Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ Կուսակալը թելադրեց, որ ճարտարապետական յատակագիծ մը պատրաստուի եւ ներկայացուի պատկան մարմիններուն։ Այս շրջագիծով յայտնեց, թէ՝ պաշտօնական մարմիններ եւս իրենց ներդրումը կրնան ունենալ։ Եւս առաւել, տեղւոյն վրայ պաշտօնական անձանց հրահանգեց, որպէսզի հետաքրքրուին եկեղեցիներու նորոգութեան ընթացքով։
Պատրիարք Հայրը, ջերմ ընդունելութեան եւ եկեղեցիներու նկատմամբ ցուցաբերուած զգայնութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Կուսակալին։ Ինք նախապէս ալ քաղաքը այցելած եւ արարողութեանց մասնակցած էր, սակայն որպէս Հայոց Պատրիարք իր տուած այցելութիւնը աւելի յատկանշական կը դառնար։ Մեր Հոգեւոր Պետը, իր ուրախութիւնը յայտնեց Տիյարպաքըրի մէջ գտնուելով, քանի ինք անձամբ եկեղեցիները այցելելու եւ տեղւոյն վրայ քննարկումներ կատարելու առիթը պիտի ունենար։ Բաց աստի, ուրախացուցիչ տեսարան էր, թէ՝ մանաւանդ Ս. Կիրակոս Եկեղեցիէն ներս վերանորոգութեան աշխատութիւնները լաւ ձեւով կ՚ընթանային։ Այս առթիւ, Մեր Հոգեւոր Պետը յաջողութիւն մաղթեց Կուսակալ Քարալօղլուին։
Այցելութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը, որպէս յուշանուէր, Կարօ Քիւրքմանի հեղինակած «Osmanlı İmparatorluğu’nda Ermeni ressamlar» գիրքէն նուիրեց։ Իսկ Կուսակալը, Պատրիարք Հօր նուիրեց քաղաքի վարպետներու կողմէ պատրաստուած ձեռագործ սուրճի կազմած մը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun