İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵՒ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Տիգրանակերտի մէջ, 26 Հոկտեմբեր 2021, Երեքշաբթի, միջօրէին այցելութիւն շնորհեց Ս. Կիրակոս եւ Ս. Սարգիս Եկեղեցիներուն։ Մեր Հոգեւոր Պետին կողքին էին Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Գաւառի Տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան, ինչպէս նաեւ Էրկիւն Այըքի Ատենապետած Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդէ անդամներ։

Մեր Հոգեւոր Պետը առաջին հերթին այցելեց Ս. Սարգիս Եկեղեցին եւ իր հետեւորդներով միատեղ շրջեցաւ եկեղեցւոյ համալիրը։ Եկեղեցին Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ հետ ճարտարապետութեամբ բաւականին նմանողութիւններ ունին, սակայն եւ այնպէս տարողութեամբ աւելի փոքր։ Այցելուներ դժբախտաբար ականատեսը եղան եկեղեցւոյ անմխիթար վիճակին եւ յայտնի դարձաւ, թէ՝ Ս. Սարգիս Եկեղեցին եւս կը կարօտի լուրջ վերանորոգութեան աշխատութիւններուն։ Կուսակալութեան տրուած այցելութեան ընթացքին, Մեծայարգ Կուսակալը եւս ակնարկած էր եկեղեցւոյ նորոգութեան եւ այս մէկը կը դառնար խրախուսական։

Բաց աստի, եկեղեցւոյ շրջակայքը կար մխիթարական երեւոյթ մը։ Ծխական Խորհուրդի անդամներ, Մեր Հոգեւոր Պետին ցոյց տուին եկեղեցւոյ կից ազգապատկան երկու բնակարանները, որոնք վերանորոգուած ըլլալով պատրաստ էին գործածութեան։ Այս բնակարանները նաեւ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէին, որպէսզի յօգուտ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ եկամուտի աղբիւր գործածուին։ Պատրիարք Հայրը, յետ քննարկման, մաղթեց որ հնարաւորութիւններ ստեղծուին եւ Ս. Սարգիս Եկեղեցին եւս վերանորոգուի։ 

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻ

Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները, Ս. Սարգիս Եկեղեցիէն ուղղուեցան եկեղեցւոյ մերձաւոր Ս. Կիրակոս Եկեղեցին, որ Տիգրանակերտի նշանաւոր եօթնախորան տաճարն է։

Մեր Հոգեւոր Պետը, ուրախութեամբ ականատեսը եղաւ եկեղեցւոյ մէջ տարուած աշխոյժ աշխատութեան։ Գործաւորներ, ամենայն կանոնաւորութեամբ կ՚աշխատէին, աշխատութեան պատասխանատու Զիւլֆիքար ՀալիֆէօղլուԻ հսկողութեան ներքեւ։ Եկեղեցին արտաքնապէս եւ ներքնապէս պատուած էր փայտամածերով։ Հալիֆէօղլուն, բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր եւ մինչեւ այսօր կատարուած վերանորոգութեան աշխատութիւններուն մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Յայտնի էր, որ եկեղեցիէն ներս լուրջ եւ բծախնդիր աշխատութիւն տարուած էր։ Իսկ վերանորոգութեան գործընթացին մէջ անուրանալի էր Պետական նիւթական եւ բարոյական ներդրումը։

Պատրիարք Հայրն ու հոգեւոր հայրեր, ուրախութեամբ վերահասու եղան, թէ՝ եկեղեցւոյ բլած բոլոր սեղանները, հինին նմանողութեամբ նորոգուած էին եւ գործաւորներ արդիական ձեւով կը կատարէին ոսկեդրման աշխատութիւնները։ Եկեղեցւոյ ցեղունը առաւել եւս ամրացած եւ պատերը նորոգուած էին։ Հոգեւոր հայրեր, ի տես այս գեղեցիկ մթնոլորտին գոհութիւն յայտնեցին Աստուծոյ եւ յաջորդաբար Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ կատարուեցաւ գոհաբանական կարճ աղօթասացութիւն մը։ Վերանորոգութեան աշխատութիւններուն շարունակած եկեղեցւոյ մէջ հնչած «Հայր Մեր»ը, Պատրիարք Հօր, Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ գտնուող Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ արտասանած գոհութեան առաջին մաղթանքը դարձաւ։ 

Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մայր Տաճարի մէջ կատարուած քննարկումներէ յետոյ, Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ համալիրին մէջ գտնուող Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետ Մատուռը, ուր եւս վերանորոգութեան աշխատութիւնները լաւապէս կ՚ընթանային։ Ո՛չ միայն եկեղեցւոյ համալիրը, այլ նաեւ եկեղեցւոյ շրջակայ տարածքաշրջանը եւս նորոգուած ըլլալով արդիական տեսք մը կը պարզէր։ Եկեղեցւոյ շրջակայքը նոր բնակարաններ  եւ խանութներ կառուցուած էին։ Իսկ անոնց կարգին, կար երեք յարկաբաժիններով կառոյց մը, որ եւս վերանորոգուած ըլլալով վերածուած էր Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ եկամտաբեր կալուածներէն միոյն։ Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ գնահատեց նաեւ Էրկիւն Այըքի գլխաւորած Ծխական Խորհուրդի անդամները եւ յայտնեց, թէ՝ ականատեսը եղած էր եկեղեցւոյ մէջ տարուած հսկայ աշխատութեան եւ խորհուրդի անդամներ անմասն չէին մնար պատասխանատուութենէ։

Այս մէկը առիթ եղաւ, որ վարչայիններ եւս շնորհակալութիւն յայտնեն Պատրիարք Հօր եւ իր ընկերակիցներուն։ Անոնք յատուկ ձեւով իրենց որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեցին Ամենապատիւ Պատրիարք Հօր, քանի ինք փութացած էր Ստանպուլէն մինչեւ Տիյարպաքըր, անձամբ այցելելու համար Ս. Կիրակոս Եկեղեցին եւ քննելու՝ կատարուած աշխատութիւնները։        

Բաց աստի Մեր Հոգեւոր Պետը, հակիրճ հարձազրոյց մը ունեցաւ տեղական մամլոյ սպասաւորներուն հետ եւ յայտնեց, թէ՝ անցեալ տարիներուն բարեզարդուած եկեղեցին ահաբեկչական դէպքերու պատճառաւ անմխիթար վիճակի մատնուած էր։ Սակայն մեծ մխիթարական երեւոյթ էր, քանի եկեղեցին Պետական նիւթական ներդրումով վերստին բարեզարդման գործընթացքին մտած էր։ Ըստ Նորին Ամենապատուութեան տեսութեան, աշխատութիւնները լաւ ընթացքի մէջ էին։ Պատրիարք Հայրը, յայտնեց, թէ՝ աշխատութիւնները եթէ կանոնաւորապէս ընթանան Ս. Զատկի շրջանին եկեղեցւոյ նաւակատիքի արարողութիւնը մեծ շուքով պիտի կատարուի։ Մեր Հոգեւոր Պետը, շեշտեց թէ՝ այս ծրագրով, նաեւ մշակութային արժէք մը վերստին ի յայտ պիտի գայ Տիյարպաքըրի մէջ։  

Կատարուած քննարկումներէն յետոյ, եկեղեցւոյ շրջափակը թեյասեղան եւ պտղասեղան սարքուեցաւ։ Յաջորդաբար, Պատրիարք Հայրն ու հոգեւոր հայրեր, եկեղեցւոյ մերձաւոր պատմական ճաշարանի մը մէջ Ծխական Խորհուրդի կողմէ ճաշասեղանով հիւրասիրուեցան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın