İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ, ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

ՍՈՒՐԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Հոկտեմբեր 2021, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին, հանդերձ իր պատուիրակութեամբ այցելեց Սուրի Գաւառապետը՝ Ապտուլլահ Չիֆթճին, որ ներկայիս միեւնոյն ժամանակ կը վարէ Սուրի Քաղաքապետութեան պաշտօնը։ 

Յարգելի Գաւառապետը, իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց  պաշտօնավարած շրջանէն ներս հիւրընկալելով Հայոց Պատրիարքը։ Այս մէկը գեղեցիկ առիթ մըն էր զրուցելու համար բարեկամներով։ Ինք ծնած ըլլալով Սասոնի մէջ, ծննավայրէն ունէր դրացի հայեր, որոնց մասին դրական արտայայտութիւններ ունեցաւ։ Տիյարպաքըրի մէջ Պատրիարք Հօր հետ ունեցած այս հանդիպումը կը վերադարմացնէր իր լաւ յիշատակները եւ առիթ կը դառնար որպէսզի բարեմաղթութիւններ փոխանցուին։ 

Պատրիարք Հայրը, բարեմաղթութիւններուն փոխարինելով, ըսաւ թէ՝ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատութիւնը կը դառնար կարեւոր ու դրական զարգացում մը շրջանէ ներս։ Այս մէկը նաեւ ուրախութիւն կը պատճառէր շրջանի մէջ բնակող փոքրաթիւ համայնքի անդամներուն։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց, թէ՝ Տիյարպաքըրի այցելութիւնը լաւ տպաւորութիւն թողած է իր վրայ։ Այս առթիւ, Մեր Հոգեւո ր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրասիրութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց Ապտուլլահ Չիֆթճիին։  

ՏԻՅԱՐՊԱՔԸՐԻ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պատրիարք Հայրն ու պատուիրակութիւնը, յաջորդաբար ուղղուեցան Տիյարպաքըրի Վաքըֆներու Տնօրէնութիւն,  ուր Տնօրէն Պէշիր Ճինտիօղլու կողմէ մուտքին դիմաւորուեցաւ: Ապա, տնօրէնութեան պաշտօնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում։

Տիյարպաքըրի Վաքըֆներու Տնօրէնը, քաղաքէ դուրս ժողով մը ունենալով հանդերձ, Պատրիարք Հօր հետ հանդիպում ունենալու համար, ազնուութիւն ցուցաբերելով փութացած էր իր պաշտօնարանը։ Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները այս պատճառաւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց։ Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ հաճելի զրոյց մը, որուն ընթացքին օրակարգի եկաւ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ վիճակը։ Եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատութիւններուն հետ կը հետաքրքրուէին նաեւ տեղական պատկան մարմինները եւ ըստ քաղաքի պաշտօնական մարմիններուն Տիյարպաքըրը պիտի վերագտնէր իր պատմական արժէքներէն մին։ Յատկապէս տարբեր մշակոյթներուն ի մի համախմբուած շրջաններէ ներս, այս մէկը կը դառնար մշակութային հարստութիւն։

Պատրիարք Հայրը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց ցուցաբերուած դրական ընդունելութիւններուն համար եւ մաղթեց որ այլ առիթներով քաղաքը վերստին այցելելու պատեհութիւններ իրականան։

ՏԻՅԱՐՊԱՔԸՐԻ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԱՂՕԹՔ

Պատրիարք Հօր այցելութեան վերջին կայանը եղաւ, Տիյարպաքըրի Հայոց Գերեզմանատունը, ուր կը գտնուի նաեւ քաղաքի Ասորւոց Գերեզմանատունը։ Հոգեւոր Հայրեր, այստեղ պահ մը քննարկեցին շրջակայքը եւ հետաքրքրուեցան շիրմաքարերով։ Ապա, Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, գերեզմանի մէջ թաղուած ննջեցեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։ 

ԸՆԹՐԻՔ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները, տրուած պաշտօնական այցելութիւններէ յետոյ, ընթրիքի սեղանով հիւրասիրուեցան Ծխական Խորհուրդի անդամներու կողմէ։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ իրականացած հանդիպման ընթացքին, օրուայ ընթացքին պաշտօնական մարմիններուն եւ սրբատեղիներուն տրուած այցելութիւններուն մասին անդրադարձ տեղի ունեցաւ։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը, այս այցելութիւնը որակեց որպէս ուխտագնացութիւն մը եւ յայտնեց, թէ՝ միօրեայ այս այցելութեամբ իր մտքին մէջ դրական պատկեր մը կը յայտնուի յատկապէս ի մասին Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ։ Պատրիարք Հայրը, յայտնեց, թէ՝ Ստանպուլ վերադառնալէ յետոյ եւս ինք հետամուտ պիտի ըլլայ եկեղեցւոյ մասին եղած զարգացումներուն։ Այս ուղղութեամբ վարիչներուն կարողութիւն մաղթեց իրենց հիւրընկալութեան եւ ընկերակցութեան համար։ 

Էրկիւն Այըքի գլխաւորած վարչութեան անդամները եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարք Հօր, յայտնելով, թէ՝ եկեղեցւոյ մասին եղած զարգացումներէն տեղեակ պիտի պահեն Նորին Ամենապատուութիւնը։ Յետ այսու կը մնայ աշխատութիւններուն շարունակել եւ սպասել եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման օրը։

Պատրիարք Հայն ու Ստանպուլէն իր հետ Տիյարպաքըր ժամանած պատուիրակութիւնը, նոյն գիշեր օդային ճամբով կը վերադառնան Ստանպուլ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın