Համայն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի գահակալութեան 30-ամեակը, 22 Հոկտեմբեր 2021, Ուրբաթ առաւօտ, Ս. Գէորգ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ մեծ շուքովտօնախմբուեցաւ։ Հանդիսութեանց յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Յոբելեար Պատրիարքը Մայր Տաճարի մէջ մատոյց Գոհաբանական Ս. Պատարագ, առընթերակայութեամբ 12 մետրոպոլիտներու։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ հոգեւորառաջնորդներ, արտասահմանէ ժանանած մետրոպոլիտներ, միջեկեղեցական դէմքեր, քաղաքական գործիչներ եւ դիւանագիտական անձեր։ Ներկաներու շարքին էր նաեւ Սուրբ ԳրոցԸնկերութեան Տնօրէն Թամար Քարասու։ Արարողութեան աւարտին, Պարթոլոմէոս Պատրիարքուղերձ մը կարդաց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Աստուծոյ, ապա՝ բոլոր հարազատներուն։
Եկեղեցական արարողութենէ յետոյ, յետ միջօրէին, Մօտայի Տէնիզ Քուլիւպի մէջ տեղի ունեցաւպաշտօնական ընդունելութիւն ի պատիւ Յոբելեար Պատրիարքին։ Այստեղ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Պարթոլոմէոս Պատրիարքին յանուն Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր բարեմաղթութիւններփոխանցեց։ Տիեզերական Պատրիարքը այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց մեր Հոգեւոր Պետինեւ զինքը ներկայացնող հոգեւոր հայրերուն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun