İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԴԷՄՔԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 22 Հոկտեմբեր 2021, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին, Պատրիարքարանիմէջ ընդունեց Ներքին Գործոց Նախարարի օգնական՝ Մուհթէրէմ Ինճէն, Վաքըֆներու ԸնդհանուրՏնօրէն՝ Պուրհան Էրսօյը, Նահանգներու Վարչութեան Ընհանուր Տնօրէն Քիւրշատ Քըրպըյըքը եւՆահանգներու Վարչութեան Ընհանուր Տնօրէնութեան վարչայիններէն Մէհմէտ Եիւզէրը։Հանդիպման ներկայ եղաւ Աք Փարթի Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչական Խորհուրդիանդամ Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ 

Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը մեծայարգ հիւրերունկատառման յանձնեց համայնքային ու թաղային մարմիններու ընտրութիւններու հարցին մասինհամայնքային շրջանակներու ակնկալութիւնները եւ վստահութիւն յայտնեց որ պատկանմարմիններ պիտի տնօրինեն պարտն ու պատշաճը ընտրութեանց կատարման ուղղութեամբ։Հանդիպման աւարտին Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերու քաղաքավարականայցելութեան եւ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար։ 

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın