İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՔՆՆԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՇԷՆՔԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 21 Հոկտեմբեր 2021, Հինգշաբթի, ժամը 14.30-ին, հովուապետական այցելութիւն շնորհեց Գատըգիւղի Արամեան Ունճեան Վարժարանը։ ՆորինԱմենապատուութեան կողքին էին, Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Երէց՝Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։ Ներկայ էին Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ ԱտենապետԱրման Պիւքիւճեան, վարչութեան անդամներէն Կարօ Պալեան, Արման Հիլքաթ եւ Արման Չօպան, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէն Թալին Պէրպէրօղլու։

Մեր Հոգեւոր Պետը, Արամեան Ունճեան Վարժարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ հոգեւորականներուեւ վարժարանի վարիչներուն կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ տնօրէնութեան սենեակը։ ՊատրիարքՀայրը, այստեղ առաջին հերթին աշակերտութեան եւ վարժարանի կրթական առաքելութեան մասինտեղեկութիւններ ստացաւ։ Այցելութիւնը յատկապէս Ս. Թարգմանչաց Տօնին զուգադիպելուն, Պատրիարք Հօր ներկայացուեցաւ շաբթուան ընթացքին դասարաններէ ներս տեղի ունեցածմիջոցառումները։ Նկատի ունենալով համավարակի պայմանները, դասարան առ դասար զատմիջոցառումներ տեղի ունեցած էին, օգտագործելով նաեւ համացանցային դրութիւնը։

Յաջորդաբար, ներկաներ Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին վարժարանի համալիրէններս վերջին շրջաններուն տեղի ունեցած ճարտարապետական աշխատութեան մասին, որովԳատըգիւղի մէջ կը բարձրանար վարժարանի նոր շէնք մը։ Այս առիթով, վարչայիններ յստակտեղեկութիւններով շեշտեցին, թէ՝ թաղէ ներս զգալի դարձած էր  նոր շէնքի մը կառուցմանանհրաժեշտութիւնը։ Հետեւաբար անոնք յայտնեցին, թէ՝ նոր շէնքի առընթեր, ներկայ շէնքը եւս յետամրացման աշխատութիւններուն պիտի օգտագործուէր վարժարանի կրթական առաքելութեան։Այստեղ, «Գատըգիւղի Յուշամատեան»էն վարժարանի հիմնադրութեան մասին դրուագներ եւնկարներ ներկայացուեցան Պատրիարք Հօր։ 

Հաճելի զրոյցէն յետոյ, Մեր Հոգեւոր Պետը, առաջնորդութեամբ Տնօրէն Պէրպէրօղլուի եւընկերակցութեամբ հոգեւոր հայրերուն եւ վարչայիններուն, շրջեցաւ վարժարանը։ ՊատրիարքՀայրը, այս առիթով, կարճ այցելութիւն մը տուաւ նաեւ դասարաններէն ոմանց եւ այս առթիւ հաճելի հանդիպում մը ունեցաւ փոքրիկ աշակերտներու հետ։ Մանուկներ, Մեր Հոգեւոր Հետին հանդէպիրենց յարգանքը ցուցաբերեցին եւ իր օրհնութիւնը ստացան։ Նորին Ամենապատուութիւնը, իրուրախութիւնը յայտնեց, մանուկներու աշխատութիւնը տեսնելով եւ ըսաւ, թէ՝ ինք աղօթող է համայնքի բոլոր զաւակներուն համար։ 

Պատրիարք Հայրը, կարճ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ վարժարանի կրթական մշակներուն հետ, իրենց շեշտադրեց կրթական առաքելութեանկարեւորութիւնը եւ այս առիթով բոլորին կարողութիւն մաղթեց այս սուրբ ծառայութեան մէջ։ 

Վարժարանի ներկայ շէնքին մէջ տրուած այցելութիւններէ յետոյ, Պատրիարք Հայրը, ԱրամեանՈւնճեան Վարժարանի հինգ յարկերէ բաղկացեալ նոր կառոյցը քննեց։ Մեր Հոգեւոր Պետը, նախտեսաւ կառոյցի ներնքայարկը կառուցուած ընդարձակ սրահը։ Յայտնուեցաւ, թէ՝ այս վայրըԳատըգիւղի համար կարեւոր նշանակութիւն մը պիտի ունենար, քանի թէ՛ միութեան համալիրը եւ թէ՛եկեղեցւոյ սրահը, փոքր կը մնար ընդարձակ հանդիսութիւններու համար։ Յետ այսու թաղէ ներսաւելի բարձր թիւով մասնակիցներու ներկայութեամբ հաւաքոյթներ կազմակերպելը հնարաւորպիտի դառնար։ Յաջորդաբար Պատրիարք Հայրը, մի առ մի շրջեցաւ շէնքի բոլոր յարկերը, որոնցճարտարապետական աշխատութիւնները տակաւին կը շարունակուէին։ Ներկաներ, ի վերջոյբարձրացան հինգ յարկէ բաղկացեալ վարժարանի շէնքի բարձրագոյն յարկը, ուր կարելի կ՚ըլլարԳատըգիւղը շրջապատկերը դիտել։ 

Պատրիարք Հայրը, այստեղ մեծապէս գնահատեց աշխատութեան իրենց նպաստը բերած բոլորսպասաւորները եւ աշխատութեան կանոնաւորութեան հսկող թաղային խորհուրդի անդամները։Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, թէ՝ կրթական առաքելութիւնը սուրբ առաքելութիւն է համայնքայինկեանքէ ներս եւ այս առումով գնահատելի են այն բոլոր ձեռնարկները, որոնք մեր զաւակներունաւելի լաւ պայմաններու ներքեւ կրթութիւն մատակարարելու կամքը կը դրսեւորեն։ Այս առումով, Պատրիարք Հայրը մաղթեց որ ի մօտոյ մնացեալ աշխատութիւնները իրենց աւարտին հասնին եւնոր տարուայ յաջորդող շրջանին Գատգիւղի Արամեան Ունճեան Վարժարանի նորակառոյց շէնքինբացումը տեղի ունենայ։ 

Իսկ միւս կողմէ, ներկաներ իր հայրական հոգածութեան եւ հետաքրքրութեան համարշնոր հակալութիւն յայտնեցին Պատրիարք Հօր։ Անոնք շեշտեցին, թէ՝ նման աշխատութիւն մըկատարելագործելու համար նիւթական զոհողութիւններ յանձն առած էր թաղային խորհուրդը, հակառակ անոր որ համավարակի անսպասելի դժուարութիւններուն հետ դէմ հանդիման մնացածէին։ Այս առումով, անոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին, թէ՝ վարժարանի բարւօք ապագային համարանպայման անհրաժեշտ էր, ծնողներու եւ յատկապէս Գատըգիւղի բնակիչներուն նիւթական եւբարոյական ներդրումը։ Անոնք եւս մաղթեցին որ աշխատութիւնները միասնական ջանքովկատարելագործուի եւ վարժարանը նոր շէնքը գործել սկսի։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın