İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱԸՕՅ-Ի ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի (ՊԱԸՕՅ) վարիչներէն Խաչիկ Ճանէլն ու Մանուկ Քալայճեան, 19 Հոկտեմբեր 2021, Երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, այցելեցին Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Հասարակական Ծառայութեան Բաժանմունքի Ատենապետ Եաւուզ Սալթըքը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արետ Չաքըճը եւ Թալին Էրկիւնէշ Կազէր։

Յանձնախումբի վարիչները նախ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ողջոյնները փոխանցեցին եւ ապա յայտնեցին՝ թէ սոյն քաղաքավարական այցելութիւնը, փոխադարձ այցելութեան բնոյթը ունէր։ Մարտ ամսուան մէջ, Եաւուզ Սալթըքը Պատրիարքարան այցելած եւ յանձնախումբի գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ ստացած էր։ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կատարուած աշխատութիւնը տեսնելով ու գնահատելով, ինք նախաձեռնած էր, որպէսզի յանձնախումբի ցանկագրութեան մէջ գտնուող կարիքաւոր ընտանիքներուն տրամադրուէին նուէրի տոմսեր։ Յանձնախումբի վարիչները, սոյն նուիրատուութեան համար, Հասարակական Ծառայութեան Բաժանմունքին շնորհակալութիւն յայտնեցին։ 

Հաճելի զրոյցի ընթացքին Եաւուզ Սալթըք, իր ուրախութիւնը յայտնեց, քանի իր գլխաւորած բաժանմունքին կողմէ ուղարկուած նուէրներու տոմսերը յանձնախումբի բծախնդիր աշխատութիւններով հասած էին իրենց տէրերուն։ Ինք այս առիթով յայտնեց, թէ՝ նման օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին ապագային եւս։ Հանդիպման ընթացքին, մեծապէս գնահատեց նաեւ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի կատարած բծախնդիր աշխատութիւնը եւ այս առթիւ իր ողջոյնները հղեց նաեւ Նորին Ամենապատուութեան։

Հանդիպման աւարտին, այցելուներ, հիւրասիրութեան եւ հետարքրքրութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին ու պաշտօնատեղիէն բաժնուեցան։ 

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın