İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՂՕԹՔ ԱՐՏԱՍԱՆԵՑ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆԻ ԵՒ ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԻ ՀՈԳՒՈՑՆ Ի ՀԱՆԳԻՍՏ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Հոկտեմբեր 2021, Կիրակի, Շիշլիի Գերեզմանատան մէջ մասնակցեցաւ ԱԳ Կուսակցութեան Ստանպուլի Երեսփոխան ու մտաւորական Մարգար Էսաեանի մահուան առաջին, ինչպէս նաեւ անուանի լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան երրորդ տարելիցներուն առթիւ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութիւններուն։

Մեր Հոգեւոր Պետը, այս առաւօտ, Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Պատարագին, որուն աւարտին իր հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ պաշտօն Մարգար Էսաեանի եւ Արա Կիւլէրի հոգւոցն ի հանգիստ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յաջորդաբար, իր հետն ունենալով Գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը ուղղուեցաւ Շիշլիի Գերեզմանատուն, ուր հանգուցելոց շիրիմներուն վրայ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ 

Պատրիարք Հայրը, ժամը 14.00-ին, նախ Արա Կիւլէրի շիրմին մօտ տեղի ունեցած արարողութեան մասնակցեցաւ։ Այստեղ ներկայ սգակիրներուն իր սրտի խօսքը արտասանելով ըսաւ. «Արա Կիւլէր իր իննսունամեայ կեանքի օրերը պսակեց յաջող գործունէութեամբ։ Մեծ գործեր կատարեց ու նյս առումով իր յիշատակը կը մնայ աշխարհի վրայ եւ կը շարունակուի իր անուան յիշատակութիւնը։ Որպէս լրագրող եւ լուսանկարիչ իր կատարած գործունէութեամբ, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ արժանացած էր գնահատանքներու, բան մը որ պատիւ կը բերէր նաեւ մեր համայնքին»։  

Յաջորդաբար, ժամը 15.00-ին, Մարգար Էսաեանի շիրմին վրայ տեղի ունեցաւ արարողութիւն, որուն ընթացքին Պատրիարք Հայրը իր խօսքը ուղղեց ներկայ պաշտօնական անձանց ու սգակիրներուն եւ ըսաւ. «Հանգուցեալը որպէս գրող դարձած էր գիրքերու հեղինակ։ Զանազան առիթներով իր գաղափարներով արձագանգ հանդիսացած էր եւ որուն որպէս հետեւանք իրեն վստահուած էր բարձր ու պատասխանատու պաշտօն մը։ ԱԳ Կուսակցութեան շարքերէն ներս դարձած էր, յայտնի անձերէն մին եւ այս գծով ընտրուած՝ Ստանպուլի երեսփոխան։ Այլապէս, ծառայութիւն մատուցած էր, թէ՛ երկրին եւ թէ՛ իր համայնքին։ Բարի անձնաւորութիւն մըն էր եւ բազմաթիւ բարութիւններ կատարած էր առանց ծանուցանելու, որոնց մասին տեղեակ էի անձնապէս։ Հետեւաբար, բարեկամները զինքը կը յիշատակէին վեր առնելով իր ազնիւ նկարագիրը»։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın