İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԻՇԵԼՈՎ ԱԶԴԱՐԱՐԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը հարուստ է մշակութային արժէքներով։ Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպի ու իրենց անմիջական աշակերտներու ներդրումով բացուեցաւ Հայ Գրականութեան Ոսկեդարը։ Հայերէնով արտադրուած երկերու ընդմէջէն անմահացաւ այս կարեւոր շարժումը։ Մոմի եւ կանթեղի տամուկ լոյսերով լուսաւորուած վանական խուցեր վերածուեցան սրբազան վայրերու, որոնք ծնունդ տուին ձեռագիր մագաղաթեայ մատեաններու։

Հայ ժողովուրդը ունէր զարգանալու եւ նորութիւններով յառաջանալու ջիղը։ Ուստի, այս ոգիով առաջնորդուած, հասաւ այն երանելի հանգրուանին, ուր Յակոբ Մեղապարտ հիմը դրաւ Հայ տպագրութեան։ Այս անգամ սկսաւ տպագրական մամուլը գործել գրատպութեան եւ հրատարակութեան առաքելութեամբ։

ԺԸ. դարուն Հայ տպագրութեան պատմութեան մէջ բացուեցաւ նոր էջ մը, երբ հեռաւոր Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան հրատարակեց «Ազդարար»ի առաջին թիւը, 16 Հոկտեմբեր 1794ին։

Այսօր, Հայ Մամուլի նահապետի հրատարակութեան տարեդարձն է։ Ուրախ ենք, որ հեռաւոր Հնդկաստանէն ծագած մամուլի այս արեգակը ունեցած է իր յաջորդները, որոնք որպէս օրաթերթ եւ կամ պարբերաթերթ շարունակած են հաւատարիմ մնալ «Ազդարար»ի առաքելութեան, որ էր լուսաւորել  Հայ ժողովուրդը, անոր մէջ զարգացնել ազգային ինքնագիտակցութեան, ինքնաճանաչման զգացումը։

Փառք Աստուծոյ, որ Պոլսահայութեան ծոցին մէջ եւս զարգացած է «Ազդարար»ի առաքելակից դառնալու գիտակցութիւնը, որով ծնած են «Ազդարար»ի զաւակներն ու թոռները, որոնք հակառակ նիւթական կամ ընկերային ժխտական ազդեցութիւններու յառաջացուցած աննպաստ պայմաններուն, մնացած են իրենց ծառայութեան պատնէշին վրայ, կերտելով հարուստ պատմութիւն մը։

Ուրախ ենք, որ մեր քաղաքին մէջ կը շարունակէ գործել Հայ Մամուլը, փոխանցելով մեր հոգեւոր, բարոյական ու մտաւորական արժէքները մերօրեայ հասարակութեան։ Մենք կը գնահատենք Հայ Մամուլի մեր խմբագիրներն ու աշխատակազմը, որոնք ոգի ի բռին կը մաքառին մերօրեայ ժամանակներու յառաջ բերած գլխաւոր ախտին դէմ, որ է անտարբերութիւն հանդէպ Հայ գիրքին ու մամուլին։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ համայնքային կեանքի պատմութիւնը կը կերտուի Հայ Մամուլի սիւնակներով։ Հայ Մամուլը մեր ժամանակները կը կամրջէ անցեալ ժամանակներուն։ Հաղորդակցութեան դուռ կը բանայ անցեալի համայնքային հարուստ ապրումներուն, որոնք եթէ լաւագոյնս արժեւորուին կրնան որպէս օրինակ ներկայանալ, իրենց խթանիչ ազդեցութեամբ։

Ուստի յիշելով ու յիշեցնելով այս ճշմարտութիւնները, հայրաբար կը թելադրենք մեր ժողովուրդին, որ գիտակցի Հայ Մամուլ ունենալու արժէքին ու վարուի զգենլով պատաս¬խանատուութեան քաղցր լուծը, վասն պահպանման մեր մշակութային արժէքներուն։

Երբ կը յիշենք «Ազդարար»ի հրատարակութիւնը, հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ կ՚ողջունենք Հայ Մամուլի մեր երախտաշատ խմբագիրներն ու աշխատակիցները, բոլորին մաղթելով կար եւ կարողութիւն իրենց օրհնեալ ծառայութեանց մէջ։ Տէրը օրհնէ բոլորը, իրենց պարգեւէ գործելու եռանդ ու ըլլայ՝ վարձահատոյց։

ՍԱՀԱԿ Բ.

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

16 Հոկտեմբեր 2021, 

Հայոց Պատրիարքարան

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın