İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 12 Հոկտեմբեր 2021, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ Ատենապետ՝ Մանուկ Էօղէրի։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ 7 Նոյեմբեր 2021, Կիրակի պիտի կատարուի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այցելուները, սոյն հանդիսութեանց սեմին օրհնութիւնը ստացան Պատրիարք Սրբազան Հօր եւ արարողութեանց նախագահելու համար հրաւիրեցին Նորին Ամենապատուութիւնը։ Անոնք յատկապէս շեշտեցին, թաղի Մէրամէթճեան Վարժարանի ունեցած նեղութիւնները եւ հարցերու կապակցութեամբ շօշափեցին Պատրիարք Հօր գաղափարները։

Մեր Հոգեւոր Պետը, հիւրերը ողջունեց եւ լսեց իրենց փոխանցած տեղեկութիւնները։ Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ կարեւորեց Ֆէրիգիւղի առաքելութիւնը համայնքային կեանքէ ներս եւ հայրական թելադրութիւններ ըրաւ այցելուներուն։ Տարիներ շարունակ թաղէ ներս գնահատելի էր վարչական կազմի կամքը, դպրոցը բաց պահելու կապակցութեամբ եւ ինք լաւ գիտէր, թէ՝ յատկապէս համավարակի շրջանը առաւել եւս նիւթական բարդութիւններ ստեղծած էր։ Սակայն, Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց թէ՝ այս դժուարին օրերուն եւս, միասնականութեան ոգիով պիտի յաղթահարուէին բազում նեղութիւններ։ Այս առիթով գնահատեց վարչայիններու աննկուն կամքը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց, իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın