Այսօր՝ Երեքշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Նորին Սուրբ Օծութիւն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր Տիրոջ միջեւ։
Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն շնորհաւորեց Հոգեւոր Տիրոջ ընտրութիւնը իբրեւ հոգեւոր պետ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան եւ յոյս յայտնեց, որ մօտէն ճանչցած ըլլալով Հոգեւոր Տէրը՝ գործակցական ոգիով ու նուիրեալ ծառայութեամբ իր կարեւոր նպաստը պիտի բերէ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հայ ժողովուրդի ներքին միասնականութեան ամրապնդման։
Իր կարգին, Հոգեւոր Տէրը իր հոգեկան գոհունակութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին բարեմաղթութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ մօտէն ճանչնալով Նորին Սրբութիւնը, ծանօթ ըլլալով անոր միջեկեղեցական հարուստ փորձառութեան եւ Վատիկանի հետ ունեցած սերտ կապերուն՝ վստահեցուց, որ Պատրիարքութեան գործակցութիւնը նոյն ոգիով պիտի շարունակուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ։
Ապա, աւելի քան ժամ մը մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրոյց տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ։
Յայտնենք, որ հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Վենեզուելային հոգեւոր տեսուչ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Վեհափառ Հայրապետին գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեան։ Իսկ Հոգեւոր Տիրոջ կողքին ներկայ էին Պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան եւ Լիբանանի ու Հայաստանի մէջ ծառայող հոգեւորականներ։
İlk yorum yapan siz olun