İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՀԱՍՏԱՏՈՒԵՑԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 11 Հոկտեմբեր 2021, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի (ՊԱԸՕՅ) վարիչները։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ ՊԱԸՕՅ-ի Գաղթականաց Յանձնախումբի Ատենապետ՝ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանը։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ բարեմաղթութեամբ։ Հիւրերը առաջին հերթին Պատրիարք Սրբազան Հօր «անցեալ ըլլայ» ըսին եւ յայտնեցին, թէ՝ միշտ աղօթող կը մնան Իր արեւշատութեան համար։  Յաջորդաբար, Օժանդակութեան Յանձնախումբի 2021 տարեշրջանի գործունէութեան մասին զեկուցում տեղի ունեցաւ։ Յանձնախումբի Ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ զեկուցեց Օժանդակութեան Յանձնախումբի գործունէութեան դաշտին մասին եւ ներկայացուց 2021 տարեշրջանին ենթայանձնախումբերու ճամբով կատարուած օժանդակութիւնները։ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ, 16 Մարտ 2020-ին գործել սկսած Օժանդակութեան Յանձնախումբը, 2020 Սեպտեմբերէն սկսեալ կ՚օժանդակէ աւելի քան 700 ընտանիքի, ինչպէս նաեւ աւելի քան 1600 անհատներու։ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կը գործակցի եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու հետ եւ կանոնաւորապէս օժանակութիւն կը մատուցանէ։ Հանդիպման ընթացքին, նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցուեցաւ 2021 տարեշրջանի վերջին փուլին կատարելի օժանդակութեանց մասին։ Յանձնախումբը իր առաքելութիւնը կը կատարելագործէ համայնքիս բարերարներու նիւթական օժանդակութեանց շնորհիւ եւ այս առումով հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ՝ սոյն առաքելութեան յաջողութեան համար նիւթական օժանդակութիւնները միշտ անհրաժեշտ պիտի ըլլան։   

Նորին Ամենապատուութիւնը, Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի աշխատութիւնները գնահատեց եւ տեղի ունեցաւ գաղափարի փոխանակում։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, թէ՝ յանձնախումբը յատկապէս համավարակի շրջանին համայնքի մէջ դարձած է լուսաւոր փարոս մը եւ համայնքիս կարիքաւոր զաւակները յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ ընկալած էին օժանդակութիւններ։ Այս առթիւ շեշտեց թէ, որպէս Պատրիարք ո՛չ մէկ ջանք պիտի խնայէ, որպէսզի այս օրհնեալ առաքելութիւնը ըլլայ շարունակական։ 

Պատրիարք Հայրը, հանդիպման առիթով յայտարարեց, թէ՝ իր հրամանաւ Պատրիարքարանի համալիրին մէջ յետ այսու պաշտօնապէս պիտի գործէ Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի Գրասենեակը։ Ըստ, Պատրիարք Հօր, այս մէկը առիթ պիտի ըլլայ, որպէսզի յանձնախումբը առաւել եւս հասանելի դառնայ։

Հանդիպման աւարտին, առաջնորդութեամբ Պատրիարք Սրբազան Հօր, Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամները ուղղուեցան դէպի նորահաստատ գրասենեակը եւ աղօթքներով տեղի ունեցաւ ՊԱԸՕՅ-ի գրասենեակի բացումը։ Պատրիարք Հայրը, մաղթեց որ գրասենեակը իր ծառայութեամբ դառնայ կարիքաւորներու համար նոր յոյսի եւ ոգեւորութեան աղբիւր։ Մինչ այդ, յանձնախումբի վարիչները Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնեցին, իր հայրական հոգածութեան եւ մերձեցման համար։ Այցելութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը, յանձին այցելուներու, յանձնախումբի բոլոր կամաւորներուն շնորհակալութիւն յայտնեց եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց առաքելութեան մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın